28 Յունուարը Հայոց բանակի օրն է: Այսօր կը յիշատակենք հայկական բանակի կազմաւորման 28-րդ տարեդարձը:
28 Յունուար 1992-ին պատմականօրէն որոշում ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան մասին»՝ իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը:
Մեր բանակը կարճ պատմական ժամանակահատուածի մէջ անցաւ ծանր փորձութիւններով, թրծուեցաւ եւ դարձաւ մեր անկախութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը:
Հայկական բանակի ձեւաւորման եւ զարգացման ուղին կը բաժնուի երեք հիմնական փուլի:
Առաջին. Փետրուար 1988-էն – Մայիս 1992 , երբ ղարաբաղեան շարժման աշխուժացման եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ծայր աստիճան սրումի պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովումը դարձաւ աւելի քան հրատապ:
Երկրորդ. Յունիս 1992-էն Մայիս 1994 , երբ արդէն անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ միասին գտնուելով չյայտարարուած, բայց փաստացի պատերազմի մէջ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ, միաժամանակ ձեռնամուխ եղաւ նաեւ Ազգային բանակի ստեղծումին:
Երրորդ. Յունիս 1994-էն մինչ օրս: Այս փուլը կ’անուանեն բանակաշինութեան, կայուն զարգացման, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, միջին եւ բարձր սպայական անձնակազմի պատրաստման ու վերապատրաստման, ինչպէս նաեւ բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւններուն մէջ առկայ անջրպետի տարուէ տարի վերացման փուլ, երբ հաստատուած զինադադարէն ետք երկրի իշխանութիւններն ու բանակի ղեկավարութիւնը կարելիութիւն ստացան խաղաղ պայմաններով ջանքերը կեդրոնացնելու բանակին, որպէս զինուորական-պաշտպանական համակարգի վերջնական ձեւաւորման բոլոր անհրաժեշտ ստորաբաժանումները ստեղծելու ու գործադրելու:
Նախորդ տարին Հայոց բանակի համար նշանաւոր դարձաւ շարք մը կարեւոր ձեռքբերումներով` սկսեալ նորագոյն զէնքերով անոր համալրումը, հասնելով յաղթանակած բանակի զինուորական ծառայողներուն արժանավայել սնունդի մատակարարման նոր համակարգի ներդրումը:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարին` Դաւիթ Տօնոյեանի խօսքով` մեր բանակը ամէն օր կը դառնայ աւելի մարտունակ, աւելի հզօր եւ հակառակորդին համար աւելի անկանխատեսելի, սպառազինութիւնը կը դառնայ աւելի բազմազան, աւելի ժամանակակից եւ աւելի մահաբեր: Մեր մարտիկները կը ստանան փայլուն կրթութիւն, անոնք մշտապէս կը գտնուին պետութեան հոգածութեան տակ, եւ որոնք քաջ կը գիտակցին, որ կ’իրականացնեն մեր երկրի ամենակարեւոր առաքելութիւնը: Հայոց բանակը ճիշդ ուղիի վրայ է՝ կերտած յաղթանակը ամրագրելու, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային հակառակորդին համար չափազանց ցաւոտ կերպով վերահաստատելու ճանապարհին: