«Երկիր».-ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ատոնց հանդիպած է ՀՀ-ի Չինաստանի դեսպան Թիեն Ըրլունին: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Չինաստանի մէջ  քորոնա մանրէի տարածման հարցը:

Դեսպան Թիեն չինական կողմին պատրաստակամութիւնը յայտնած է շարունակելու սերտ գործակցութիւնը հայկական կողմին հետ տարաբնոյթ հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Հանդիպումին զրուցակիցները հանգամանօրէն անդրադարձ  կատարած են նաեւ Չինաստանի Հուպէի նահանգին մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն առջեւ ծառացող հարցերուն եւ անոնց հասցէագրման համար անհրաժեշտ քայլերուն շուրջ:

ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալը յայտնած է, որ Չինաստանի ՀՀ դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է Չինաստանի տարբեր նահանգներուն մէջ ներկայիս բնակող եւ դեսպանատուն գրանցուած շուրջ 400 ՀՀ քաղաքացիներու հետ, որոնցմէ 7-ն այժմ կը գտնուին Հուպէի նահանգին մէջ: ՀՀ դեսպանութեան կողմէ նաեւ քայլեր  առուած են կարելիութեան սահմաններուն ՀՀ քաղաքացիներու հարցերուն արձագանգելու համար:

ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Աւետ Ատոնց  աւելցուցած է, որ ՀՀ ԱԳՆ-ն եւ ՉԺՀ-ի ՀՀ դեսպանութիւնը շարունակ կապի մէջ են ՉԺՀ կառավարութեան եւ այլ գործընկեր երկիրներու դեսպանութիւններուն հետ ՀՀ քաղաքացիներու տարհանման հարցով: