Անցեալ շաբաթավերջին, Վիեննայի մէջ, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն աւելի քան 50 երիտասարդներ մասնակցեցան Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու եռօրեայ դասընթացքին, որ կը կրէր «Haytadology» խորագիրը: Դասընթացքը կազմակերպուած էր Աւստրիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, Հայաստանի դեսպանատան կից «Հայաստան» սրահին մէջ:

Խտացեալ, բարձրորակ այս դասընթացքին նպատակն էր հայ երիտասարդը առաջին այս փուլին հաղորդ դարձնել Հայ Դատի թղթածրարին առնչուող տարրական գիտելիքներու, որպէսզի Եւրոպա ապրող հայ երիտասարդը զինուի անհրաժեշտ տեղեկութեամբ, կազմաւորուի անոր աշխարհահայեացքը ու ան կարենայ հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ վաւերական ու ամբողջական հիմնաւորումներով արտայայտուիլ, քննարկումներ կատարել Հայ Դատին առնչուող որեւէ նիւթի շուրջ:
Եռօրեայ դասընթացքը, որ ընթացաւ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, ընդգրկեց Հայոց ժամանակակից պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ պատասխանատուութեան իրաւական հիմքերուն, խօսքի ազատութեան եւ ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման, փոխհատուցման եղանակներուն, արցախեան հակամարտութեան ու խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին, եւրոպահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, քարոզչական-յարաբերական մարզին, Հայաստան-Եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններուն, Հայ Դատի ներկայ հոլովոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան, Հայ Դատի գծով ԱՄՆ-ի մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն առնչուող զեկոյցներ, որոնց շուրջ տեղի ունեցան քննարկում-զրոյցներ եւ աշխատանքային գործնական տարբեր վարժութիւններ: