Սուրբ Սարգիս
Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, Հայաստանի մէջ բազմաթիւ սուրբեր եկան փոխարինելու հեթանոս աստուածներ։ Անոնցմէ է Սուրբ Սարգիսը, հայութեան ամէնէն սիրուած ու ժողովրդականութիւն վայելող սուրբերէն մին։ Անոր տօնը կը նշուի Փետրուարի մէջ, Առաջաւորաց պահքին յաջորդող Շաբաթ օրը, այդ պատճառով ալ Առաջաւորաց պահքի ժողովրդական անուանումը դիւրիմացաբար եղած է Սուրբ Սարգիսի պահք։ Ըստ Մանուկ Աբեղեանի, Սուրբ Սարգիսը եկած է փոխարինելու հողմի աստուածութիւնը։ Այս եզրակացութեան վկայութիւն կը նկատէ անոր յիշատակութեան թուականը Փետրուար ամսուան մէջ, կը զուգադիպի Հայկական Լեռնաշխարհի տարուան ամէնէն փոթորկոտ օրերուն հետ, երբ ամէնուրեք կը տիրեն բուքն ու ձիւնամրրիկը։
Հակառակ, որ Սուրբ Սարգիս ոչ թէ հայ, այլ յոյն զօրավար մըն էր, որ նահատակուած էր յանուն քրիստոնէութեան Պարսկաստանի մէջ, սակայն ան մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ աւելի հայերուն մէջ, քան՝ յոյներուն կամ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն։ Այս երեւոյթը մինչեւ նորագոյն ժամանակներ կը շարունակուի։ Շնորհք Արք. Գալուստեան, սուրբերու նուիրուած եռահատոր իր աշխատութեան մէջ, Սուրբ Սարգիսը դասած է հայազգի սուրբերու շարքին։ Հին ժամանակներուն, հայ գեղջուկներ Սուրբ Սարգիսը կը նկատէին բուքի ու ձիւնամրրիկի դէմ պաշտպան սուրբ։ Ան կ’ազատէ մրրիկի բռնուած հայերը, սակայն ոչ յոյներն ու վրացիները, որոնք չեն պատուեր անոր յիշատակը պահքով ու ծոմապահութեամբ։ Ըստ հին աւանդութեան մը, յոյն վաճառական մը լեռնային ճամբաներու մէջ բուքի կը բռնուի ու կը դիմէ Սուրբ Սարգիսին օգնութեան, խոստանալով երկու մոմ վառել անոր։ Սուրբ Սարգիս կը հասնի անոր օգնութեան, իսկ յոյնը երբ տուն կը հասնի, կնոջ ուրախութեամբ կը յայտնէ թէ ինք Սուրբ Սարգիսին խաբած է, որպէսզի փրկուի, ապա ձին կապելու համար կ’ելլէ բակ, ուր Սուրբ Սարգիս զինք կը խեղդէ բուքին մէջ։ Ըստ կարգ մը աւանդութիւններու Սուրբ Սարգիս կ’ատէ նաեւ քիւրտերն ու թուրքերը։ Այս մէկը ուղղակի անդրադրձ է, թուրք ու քիւրտ բռնատէրներու պատճառով ժողովուրդին տագնապին ու կրած տառապանքին ու զրկանքին։
Իրանեան Վայնա եւ նորտիք Նիորտ փոթորիկի ու հողմի աստուածներուն ամուրի աղջիկներ կը դիմէին իրենց փեսացու պարգեւելու խնդրանքով։ Երբ Սուրբ Սարգիսին նայինք, անոր քով կը գտնենք նոյն յատկութիւնները, սակայն անոր պարագային էական է նաեւ կերակրելու բաժինը։ Ըստ հին աւանդութիւններու Սուրբ Սարգիս չէր սիրեր շատակեր երիտասարդները։ Այն աղջիկներն ու տղաքը, որոնք մինչեւ վերջ իրենց ամանները կը մաքրեն ու ամէն բան կ’ուտեն, Սուրբ Սարգիսի պատիժին կ’արժանան իրենց պսակին օրը։ Անոնք եթէ ձմեռը պսակուին, ապա անոնց պսակին օրը պիտի բարձրանայ ձիւնամրրիկ։ Նոյնիսկ եթէ անոնք գարնան կամ ամրան պսակուին, անպայմա՛ն իրենց պսակի օրը փոթորկոտ պիտի ըլլայ։ Հակառակը, Սուրբ Սարգիսին կողմէ օրհնուած կը համարուէին այն զոյգերը, որոնց պսակի օրը երկինքը պայծառ կ’ըլլար։
Սուրբ Սարգիսին հետ կապուած է նաեւ փոխինդի պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը։ Փոխինդը կը պատրաստուէր Սուրբ Սարգիսի տօնին, խարկուած ու աղացած ցորենով, որուն վրայ կ’աւելցնէին խաղողի հիւթ ու կը շաղէին։ Որպէսզի փոթորիկն ու կարկուտը դադրի, պառաւ կիներ ամէնուրեք փոխինդ կը ցանէին։ Իսկ Սուրբ Սարգիսի տօնին գիշերը փոխինդը տախտակի մը վրայ՝ կը դնէին տան դրան ետեւը, կամ կտուրին տակ, յատուկ աղօթքներով, զայն մատուցելով սուրբին։ Կը հաւատային, որ Սուրբ Սարգիս իր սպիտակ ձիուն վրայ նստած կը փախցնէ իր հարսընցուն, ապա միասնաբար կը շրջին ամբողջ Հայաստանը, կ’այցելեն բոլոր հայերուն տուները մէկ-մէկ ուր կը ճաշակէ իրեն համար վերպահուած փոխինդը։ Եթէ գոհ մնայ անկէ՝ կը հրամայէ իր ձիուն, որ պայտին հետքը ձգէ փոխինդին մէջ, ինչ որ մեծ բախաւորութեան նշան կը նկատուէր, իսկ ամուրի աղջիկ ունեցող տուներուն համար, կը նշանակէր որ գալիք տարուան մէջ անիկա անպայման պիտի ամուսնանայ։ Այդ ամուրի աղջիկները, նոյն գիշերը չքնացած կ’ուտէին շատ աղի կարկանդակ, այնքան մը որ ծարաւնան եւ երազին մէջ ջուր տեսնեն։ Այն անձը, որ երազին մէջ աղջկան ջուր կու տայ, պիտի ըլլայ իր ապագայ փեսացուն։ Ոմանք կը դիմէին այլ միջոցի։ Գիշերը տան տանիքը կը ձգէին պատառ մը հաց, եթէ ագռաւը գար ու այդ հացի կտորը տանէր այլ տան մը տանիքը, ուր ամուրի երիտասարդ մը կ’ապրի, ապա այդ երիտասարդը պիտի ըլլար անոր ապագայ փեսացուն։ Այս սովորութիւնները, կարգ մը փոփոխութիւններով կը շարունակուին մինչեւ օրս եւ Սուրբ Սարգիս կը շարունակէ նկատուիլ հայութեան մօտ սէր ու երիտասարդութիւն հովանաւորող սուրբ։
Իբրեւ հողմի ոգի, Սուրբ Սարգիսը կը նկատուէր նաեւ գայլերն ու մառախուղի կենդանակերպ ոգիները զսպող։ Բազմաթիւ են այն զրոյցները, ուր կը յիշուի, թէ ան ազատած է գայլերով շրջապատուած մարդիկ, այդ պատճառով ալ անոր անունը անպայման կը յիշուէր գելկապի աղօթքներուն մէջ։ Գելկապ կամ գայլակապ աղօթքները յատուկ աղօթքներ էին, որոնք կ’արտասանուէին, երբ մէկը կամ հօտէն անասուն մը գիշերը լեռը մնար, որպէսզի գայլին «բերանը կապուի» ու չմօտենայ անոնց։ Այդպիսի աղօթք մը Յովհաննէս Թումանեան յիշած է իր «Գելը» պատմուածքին մէջ.
Ալալոս գալարոս
Գելը կապեմ երկու բթով,
Երկու բթով, երկու մատով,
Աստուածածնայ քաղցր կաթով,
Սուրբ Սարգիսի ձիու ձարով,
Նահատակաց կարմիր քարով,
Գելի ճամբէն մոլոր անեմ,
Գելի ատամ խմոր անեմ,
Ոտները թուլ, ականջը խուլ…
Հայկական հին աւանդութեան մը համաձայն, Սուրբ Սարգիսին օրը, ոմանք իրենց մազերէն թել մը փրցնելով աղօթելով հովին կը յանձնէին, որպէսզի երթայ ու հասնի սիրուած սուրբին, որ հովերուն հետ իրենց ցաւերն ալ տանի։ Սիրուած սուրբն է ան, որ կը հասնի բոլորին օգնութեան։ Իրանական Վայնա աստուածութեան պէս, Սուրբ Սարգիսն ալ յատկանշուած էր արագաշարժութեամբ։ Անոր կը դիմեն շղթայուածները, անարդարօրէն բանտարկուածներն ու նեղութեան մէջ գտնուողները եւ ան մտքի պէս արագ, իր լուսաշող ձիով կը յայտնուի զինք օգնութեան կանչողին մօտ։ Կը պատմուի, թէ աղքատ աշուղ մը սիրահարած էր հարուստ աղջկայ մը, ան ալ իր կարգին կը սիրէր աշուղը, սակայն ծնողները կը մերժեն աղջիկը տալ աշուղին։ Երիտասարդ աշուղը կ’որոշէ օտար երկիր մեկնիլ, դրամ հաւաքելու համար աղջկան պատուիրելով՝ «Եթէ եօթը տարիէն չվերադառնամ՝ ազատ ես, կրնաս ուրիշին հետ ամուսնանալ»։ Եօթը տարի կ’անցնի, կը հասնի վերջին օրը, իսկ աշուղը տակաւին քանի մը օրուան ճամբայ ունէր կտրելու։ Յուսահատութեան մէջ ան օգնութեան կը կանչէ Սուրբ Սարգիսը, որ անմիջապէս կը յայտնուի, ձիուն վրայ կ’առնէ աշուղը եւ կը խնդրէ անկէ գոցել աչքերը։ Աշուղը աչքերը կը գոցէ, եւ սուրբին ձին կայծակի արագութեամբ կ’անցնի լեռ ու ձոր։ «Բա՛ց աչքերդ», կը հրամայէ Սուրբ Սարգիս աշուղին, որ աչքերը բանալով ինքզինք կը գտնէ հայրենի գաւառին մէջ ու կ’ամուսնանայ սիրած աղջկան հետ։
Յուշիկ Ղազարեան