“Երկիր”._Այս տարի կը յիշատակուի Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Միութեան 70-ամեակը:

Յոբելեանի առիթով 47 անդամ-պետութիւն ունեցող Եւրոպայի Խորհուրդի ղեկավարները յայտնած են.«Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող, իւրայատուկ պայմանագիր է, որուն պայմաններուն կատարումին կը հետեւի մարդոց հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները երաշխաւորող միջազգային անկախ դատարանը»

«Միութիւնը, որ ի սկզբանէ ստորագրուած է 12 պետութիւններու կողմէ, 4 Նոյեմբեր 1950-ին, այժմ կը պաշտպանէ Եւրոպական 47 պետութիւններու աւելի քան 830 միլիոն մարդու իրաւունքները:

Եւրոպական Միութեան վերջին արձանագրութիւնը կը խթանէ Եւրոպայի դատարաններուն միջեւ երկխօսութիւնը՝ կարելիութիւն ընձեռնելով արձանագրութեան միացած պետութիւններուն ազգային գերագոյն դատարաններուն խորհրդատուական կարծիքներ խնդրել Սթրազպուրկի մէջ գտնուող Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանէն»: