23 Յունուարին  Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի Իսլամական մասնագիտացած հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկին մէջ (International Institute of Advanced Islamic Studies- IAIS) տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արարատ Կոստանեանի դասախօսութիւնը` «Սուրիոյ տագնապին հիմնական պատճառները» խորագիրով: Դասախօսութիւնը նախատեսուած եղած է հիմնարկի գիտադասախօսական կազմին համար, անոր մասնակցած է նաեւ հիմնարկի նախագահութիւնը` նախագահ, փրոֆեսէօր Մոհամետ Հաշիմ Քամալին, փոխնախագահ Մոհամետ Ազամ Մոհամետ Ատիլը եւ Մալեզիոյ մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թամիմ Մատանին:

Դասախօսութեան մէջ հիմնական շեշտը դրուած էր լուսաբանելու Սուրիոյ տագնապէն առաջ տեղի ունեցած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ` «Արաբական գարուն»-ի ազդեցութեան պատճառով շրջանի հզօր պետութիւններու ազդեցութիւնը եւ միջազգային գերհզօր պետութիւնների շրջան վերադարձը: Աւելի՛ն. յստակացում կատարուած է, որ Սուրիոյ պատերազմը առհասարակ եւ շրջանին մէջ առկայ պատերազմները միտուած են պահպանելու Իսրայէլի պետութեան անվտանգութիւնը եւ տագնապներու բացառումը Իսրայէլի մէջ, որքան որ կարելի է: Կարեւոր նկատուած է նաեւ ընդգծել, որ Մալեզիոյ եւ այդ շրջանին նոյնպէս կրնայ սպառնալ իսլամական ծայրայեղականութիւնը, եթէ առաջքը չառնուի օտար երկիրներու նիւթական եւ ընկերային ազդեցիկ թափանցումը:

Հիմնարկի նախագահ Հաշիմ Քամալին շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ խնդիրը համապարփակ ներկայացնելու համար եւ դասախօսութիւնը գնահատեց իբրեւ իւրայատուկ եւ տարբերուող` միջազգային արեւմտեան լրատուամիջոցներուն ներկայացուցածէն:

Հանդիպում տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ գիտնական հասարական-քաղաքական գործիչ, դոկտ. Չանտրա Մուզաֆարի հետ. տեղի ունեցած է դասախօսութեան վերաբերեալ միտքերու փոխանակում` անոր գրասենեակին մէջ:

Միջազգայնագէտ-արեւելագէտ Արարատ Կոստանեան այս ժամանակահատուածին հրաւիրուած է աշխարհահռչակ գիտնական, արաբ-պաղեստինեան խնդիրի մասնագէտ Իլան Փեփէի «Պաղեստինի կարեւորութիւնը» խորագիրով դասախօսութեան, որ կազմակերպուած է «Միջազգային շարժում արդար աշխարհի համար» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ: Դասախօսութեան հարցուպատասխանի ընթացքին միջազգայնագէտ-արեւելագէտ Արարատ Կոստանեան հարց բարձրացուցած է, որ պէտք է հակասեմականութիւնը տարանջատել սիոնականութենէն, որովհետեւ սիոնական գաղափարախօսութեան դէմ հանդէս եկողները յաճախ կը պիտակաւորուին իբրեւ հակասեմականներ: Ի պատասխան` Իլան Փեփէ արդարացի նկատած է այդ մտահոգութիւնը եւ յայտնած, որ աշխարհը արդէն կը բարձրաձայնէ Իսրայէլի իշխանութեան անարդարութիւններուն մասին` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու գիտական-մտաւորական շրջանակներուն մէջ: