ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մարտական ծառայութեան մետալով պարգեւատրելու մասին որոշում  ստորագրած է.

«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասինէ օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասին.

Ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին ցուցաբերած անձնուիրութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներքոյիշեալ զինուորական ծառայողները յետմահու պարգեւատրուած են Մարտական ծառայութեան մետալով`

Տիգրան Արմէնի ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻՆ թիւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ

Նուէր Տիգրանի ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻՆ թիւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ

Կարապետ Սեդրակի ՆԱԶԱՐԵԱՆԻՆ թիւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, շարքային», ըսուած է որոշման մէջ: