«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Արցախի մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ զոհերու վիճակագրութիւնը կը մտահոգէ նաեւ իշխանութիւնները:  Նիկոլ Փաշինեան խորհրդակցութեան  հրաւիրած էր ուժայիններու մասնակցութեամբ` քննարկելու վերջին շրջանին բանակի մէջ տեղի ունեցող դժբախտ պատահարները:

Մասնակցած են նաեւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ու Զինեալ Ուժերու շտապի պետ Արտակ Դաւթեանը: Իսկ  Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովները  հրաւիրած են շտապի պետ Արտակ Դաւթեանը:

Հարցին շուրջ պիտի կատարուի աշխատանքային փակ քննարկում, իսկ  քանի մը օր անց պիտի հրաւիրուի Դաւիթ Տօնոյեանը»: