Հին ժամանակներէն սկսեալ ազգեր ուզած են փորձութեան ենթարկել հայ ժողովուրդին հաւատքը: Ե. դարուն պարսիկները փորձած են հայ ժողովուրդը ձուլել իրենց մէջ: Անոնք ուզած են, որ մեր ժողովուրդը ուրանայ իր ճշմարիտ հաւատքը եւ յարի իրենց հեթանոսական կրօնքին: Ուզած են նաեւ, որ մեր ազգը իր Սուրբ մշակոյթը կորսնցնելով ընդունի օտարն ու օտարացնողը: Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին, յոյները ուզեցին, որ մեր ժողովուրդը իր ուղղափառ հաւատքը մոռնայ եւ լատինադաւան դառնայ: Սակայն, ո՛չ պարսիկները եւ ոչ ալ յոյները կրցան հայը խզել իր ճմարիտ կրօնքէն: Այս հաւատքի քննութիւններով մեր ժողովուրդը աւելի զօրացուց իր հաւատքը եւ մօտեցաւ իր Արարիչին: Մեր ազգը միշտ իր հաւատքը կրցած է պաշտպանել, որովհետեւ ան երբեք իր յոյսը չէ կտրած Քրիստոսի հանդէպ:
Մարդիկ կը կարծեն, թէ հայ ժողովուրդը անտէր է, սակայն մենք ունինք Հայր Աստուածը, որ միշտ մեր քայլերուն կը հետեւի, մենք ունինք Որդի Աստուածը, որ միշտ մեր ձեռքէն կը բռնէ եւ բոլոր խոչընդոտներուն վրայէն կ’անցընէ մեզ, մենք ունինք Սուրբ Հոգի Աստուածը, որ միշտ կը մխիթարէ մեզ: Մենք ունինք Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ անդադար կը բարեխօսէ մեզի համար եւ վերջապէս մենք ունինք այն մարտիրոսներու բազմութիւնը, որ միշտ մեզի հետ է եւ կը բարեխօսէ մեղաւորներուս համար: Մենք ունինք նաեւ ազգին համար մարտունակ կռուողներ: Ուրեմն, հայ ժողովուրդը ամէն ինչ ունի:
Այս շաբաթ յիշատակն է այն անմահ ու նուիրեալ սուրբերուն, որոնք մեր ազգի հաւատքին յաւերժական վահանները դարձան: 451-ին պարսիկները կարծեցին, թէ հայ ժողովուրդը պիտի ուրանայ իր հաւատքը երբ պատերազմի իրենց դէմ: Սակայն անոնք հաւանաբար մոռցած էին, որ իրենց առջեւ կը գտնուէին խիզախ ու հսկայ Վարդաններ, որոնք պատրաստ էին ամէն ջանք ու զոհողութիւն ի գործ դնելու մեր ազգին փրկութեան համար: Ե. դարուն էր, որ պարսիկները իրենց բանակով յարձակեցան հայ ազգին պաշտպաններուն վրայ: Պարսիկները յաղթեցին այդ ճակատամարտին, սակայն հայերը չպարտուեցան, որովհետեւ մեր ժողովուրդը միշտ հաւատացած է, որ «ամէն մէկ պարտութիւն յաղթանակի նոր դուռ մը կը բանայ»: Այո՛, ճիշդ է որ հայերը ինկան այդ ճակատամարտին, սակայն անոնք Քրիստոսի խաչին յենելով կրկին ոտքի կանգնեցան, անոնք շարունակեցին հաստատ մնալ իրենց հաւատքին մէջ, շինեցին եկեղեցիներ, վանքեր ու մատուռներ, ժողովուրդին տուին մատղաշ ու ինքնազոհ կղերականներ, որոնք իրենց քարոզներով մեր ժողովուրդին կապը ամուր պահեցին իր Արարիչին հետ: Հայ ժողովուրդը միշտ իր մտքին մէջ ունեցաւ Աստուածաշուչէն քաղուած այն քաղցր ու անուշ խօսքը, որ կ’ըսէ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ. 8.31): Անոնք չպարտուեցան նաեւ, որովհետեւ մեր զոհերուն տաք արիւնով այդ պարտութիւնը ջնջուեցաւ մեր ժողովուրդին մտքէն եւ անոր տեղը տիրեց յարատեւ պայքարի սուրբ գաղափարը, որ մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի հայու մտքին ու հոգիին մէջ:
Մեր ժողովուրդը անբնական կերպով կապուած է Աստուծոյ հետ, որովհետեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին պարզ հոգեւոր կեդրոն մը չէ, այլ ազգայի՛ն եկեղեցի է: Հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն Հայ եկեղեցին եղած է իր ժողովուրդին հետ: Այս խօսքին մեծագոյն փաստը կը գտնենք հայոց պատմութեան այն էջերուն մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէս Վարդանանց պատերազմի ընթացքին Աւարայրի դաշտին վրայ Ղեւոնդ Երէց իր մէկ ձեռքին ունէր Աստուածաշունչը, իսկ միւս ձեռքին՝ սուրը:
Եթէ Հայ ժողովուրդը Վարդանանց պատերազմը հաւատքի համար մղուած ձախող պատերազմ մը նկատած ըլլար, մեծ Եղեռնէն ետք, իր մէջ Վարդանեան սուրբերուն շունչը պիտի չունենար: Վարդանեան հաւատքի շունչով էր, որ մեր ժողովուրդը տոկաց 1915-ի ահաւոր Եղեռնին: Ան յաղթեց մահուան եւ Քրիստոսի ապաւինելով կարողացաւ դուրս ելլել անապատի աւազներէն: Ան Քրիստոսի ձեռքէն բռնած կարողացաւ ոտքի ելլել աւերակներուն տակէն, իր հագած ցնցոտիները հանեց եւ անոր փոխարէն հագուեցաւ հաւատքի պատմուճանը: Իր վէրքերը լուաց Քրիստոսի անարատ արիւնով. երբեք իր կապը չկտրեց իր «Հոգատար Աստուծոյ» հետ եւ ուր որ ալ գնաց այդտեղ ծաղկեցուց ու զարդարեց իր Արարիչին նուիրուած տուն մը կանգնեցնելով: Հայը գիշեր ու ցերեկ այցելեց այդ երկնային ու երանելի տունը, Բարձրեալին հովանին խնդրելու համար:
Մեր ժողովուրդի սուրբ մայրերն ու ուսուցիչները շարունակեցին այս կեանք պարգեւող Վարդանեան շունչը փոխանցել սերունդէ-սերունդ: Վարդանանց պատերազմը Վարդանեան սերմը կը ցանէ հայ փոքրիկին մէջ, ծնողները եւ ուսուցիչները կը ջրեն, իսկ Աստուած կ’աճեցնէ զայն: Ի՜նչ գեղեցիկ է այն զգացումը, երբ հայ փոքրիկ մը հպարտութեամբ կ’ըսէ. «Քաջ Վարդանին թոռն եմ ես»: Մենք բոլորս այս շունչով կազմաւորուեցանք եւ սորվեցանք, որ հայ ժողովուրդը որքա՜ն տառապած է իր հաւատքը պահելու համար: Սորվեցանք նաեւ, որ հայը միշտ պայքարած է իր կեանքի ընթացքին, բոլոր խոչընդոտներուն դէմ դնելով: Այսօրուան մեր Ազատ ու Անկախ Հայաստանը հաստատ կը մնայ, որովհետեւ այս շունչով աճած երիտասարդները ամբողջական նուիրումով կը պաշտպանեն զայն: Սակայն, միայն Վարդանեան շունչով չէ որ անոնք նուիրուած են իրենց հայրենիքին, անոնք նաեւ ստացած են ազգային-հոգեւոր դաստիարակութիւն, զոր Հայ եկեղեցին կը պարգեւէ անոնց:
Ուրեմն իբրեւ Քաջ Վարդանի թոռներ, մնանք հաստատ մեր հաւատքին մէջ եւ չմոռնանք մեր նախահայրերուն թափած ջանքը այս իմաստով: Երբեք չկորսնցնենք Վարդանեան շունչը, որովհետեւ եթէ կտրենք զայն, կտրած կ’ըլլանք հայ ժողովուրդի սրտին երակները եւ պատճառ կը դառնանք հայ ժողովուրդին մահուան: Ամէն մէկ քայլափոխի զգանք Աստուծոյ հովանին, մեր սրտերուն խորերէն խօսինք Անոր հետ եւ չդադրինք Անոր հետ կապի մէջ մնալէ: Միշտ Քրիստոսի ձեռքը ամուր բռնենք եւ երբեք չձգենք զայն, որովհետեւ ինչպէս որ Ան երկու հազար տարի առաջ մեզի փրկութիւն շնորհեց, նոյնպէս ալ մեզի փրկութիւն պիտի պարգեւէ այսօր, վաղը եւ յաւիտեան: Սուրբ Հոգիով Աստուծմէն խնդրենք, որ միշտ մխիթարէ մեզ: Եւ միշտ յիշենք, որ մենք լքուած կամ խաւարի մէջ չենք, որովհետեւ մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ’առաջնորդէ» (Յհ. 8.12):
Շանթ Կիս. Սրկ. Գատէհճեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Պիքֆայա, Լիբանան