Դամբանական՝ արտասանուած ընկեր Սարգիս Մարութեանի մահուան առիթով
Կազմակերպական թէ ազգային հարցերու ու աշխատանքներու մէջ ծայր աստիճան բծախնդրութիւն ցուցաբերող, ամենայետին մանրամասնութիւններով հետաքրքրուող, իր անձնական կեանքին նման, եւ դեռ աւելին՝ նշեալ բնագաւառներուն վերաբերող ծրագիրներուն լրջութեամբ հետեւող, իրեն վստահուած աշխատանքները լաւագոյնս կատարող ընկ.Սարգիս Մարութեանին հրաժեշտ կու տանք այսօր:
Ընկ.Մարութեան չէր հանդուրժեր սխալը, չէր լռեր նկատած թերութիւններուն ի տես, անհոգութիւնն ու անտարբերութիւնը ընդունուած վերաբերմունք չէին ընկ.Մարութեանին համար: Ո՞վ կը համարձակէր անոր ներկայութեան թափթփած վարմունք դրսեւորել կազմակերպական աշխատանքներուն նկատմամբ:
Ընկ.Սարգիսը յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ հմտացած էր: Անգիր գիտէր իրեն յանձնուած տնտեսական, հաշուական արխիւներուն բովանդակութիւնը, կը զննէր, կը քննէր, կը բացատրէր, կը լուսաբանէր, կը փարատէր անյստակութիւնները եւ սեւով ճերմակի վրայ գրուած պայծառութեամբ կը ներկայացնէր զեկոյցները:
Ընկ.Մարութեան մեծ ներդում ունեցաւ 1988-ի Սպիտակի եւ յարակից շրջաններու երկրաշարժին՝ Հալէպի մէջ ծաւալուած օժանդակութեան աշխատանքներուն սատարելով: Ամիսներով գիշեր-ցերեկ աշխատեցաւ օգտակար դառնալու համար աղէտեալ հայրենիքին:
Ընկ.Մարութեան յատուկ սէր կը տածէր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հանդէպ, ուր որպէս խնամակալ աշխատած էր շուրջ 15 տարի: Ճեմարանը ներկայութիւն էր իր առօրեային մէջ, կը մտահոգուէր դպրոցով, աշակերտով, ուսուցիչով ու վարչականով: Ճեմարանի առնչուած որեւէ յաղթանակ, նուաճում, յաջողութիւն կարծես իր անձնական յաղթանակն ըլլար, այդքան կը ներշնչուէր, այդքան կ’ուրախանար:
2018-ին, Ճեմարանի 70 ամեակին առթիւ, ընկ.Մարութեան պարգեւատրուեցաւ որպէս վաստակաշատ խնամակալ:
Ընկ.Սարգիս Մարութեան երկար տարիներ ծառայեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, երկար տարիներ ըլլալով Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ: Համազգայինը իր ընտանիքն էր, կը տագնապէր անոր հարցերով, կը նպասատէր մշակութային գործունէութեան, հայրենի հիւրերը կը դիմաւորէր սիրով ու խանդավառութեամբ, կը ջանար որակաւոր ձեռնարկներ հրամցնել ժողովուրդին ու ծրագրել ամէնէն աննշան մանրամասնութիւններն անգամ:
Ընկեր Մարութեան ծառայեց նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Տնտեսական Խորհուրդին մէջ: Օրական ներկայութիւն դառնալով Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս:
Ան մեծապէս կը հետաքրքրուէր երիտասարդութեամբ, կը խրախուսէր, կ’ոգեւորէր զանոնք, որպէսզի իրենց ստանձնած աշխատանքները կատարեն նոյն այն բծախնդրութեամբ, որ ինք կը կատարէր:
Ընկ.Սարգիսը նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ էր իր պատկանած կազմակերպութեան հետապնդած նպատակներուն: Տարիներ առաջ ան կազմակերպութեան նուիրեց իր ունեցուածքը, որովհետեւ կազմակերպութիւնը իր մեծ ընտանիքն էր, իր ամբողջ շրջանակը:
Այսօր հրաժեշտ կու տանք ընկ.Մարութեանին, հրաժեշտ կու տանք նուիրական աշխատանքով յատկանշուած ընկերոջ, որուն յիշատակը պիտի շարունակէ անընդհատ յուշել մեզ իր պատմած դէպքերը, կատարած մատնանշումները, նկատողութիւնները, թելադրանքները եւ յանձնարարականները թէ՝ այնպէս ինչպէս անձնական կեանքին մէջ, նոյնպէս կազմակերպական եւ ազգային կեանքէն ներս անպայմանօրէն պէտք է պարկեշտօրէն գործենք, լրջութեամբ մօտենանք հարցերուն եւ նուիրումով աշխատինք:
Հողը թեթեւ գայ վրադ ու յիշատակդ անմար մնայ, ընկե՛ր Սարգիս:
Գաղափարակից ընկերներ