Հինգշաբթի, 21 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղին, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու Սուրիոյ խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման որոշումին համար։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, Ազգային Վարչութեան ատենապետը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու թեմիս ազգային մարմիններու, Դամասկոսի ՍՕԽ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Նորա Արիսեանը եւ Ժիրայր Րէիսեանը։

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը ողջունեց այցելուները եւ հաստատեց, որ խորհրդարանը այս որոշումով միաձայնութեամբ դատապարտեց Օսմանեան Կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ բարեկամ ժողովուրդին։

Սապպաղ աւելցնելով ըսաւ, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը մարդկութեան բարոյական, մարդկային եւ քաղաքական պարտքն է, յատկապէս երբ կը տեսնենք, որ օրերս նոյն ոճրագործը նոյնանման ահաբեկչական ոճիրներ կը գործէ Սուրիոյ մէջ՝ իր բռնատիրական ձգտումները իրականացնելու համար։

Սապպաղ շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը սուրիական ընկերութեան խճանկարին հիմնական մէկ մասն է, իրողութիւն մը որ քանիցս հաստատուած է նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի կողմէ։ Խորհրդարանի նախագահը կարեւոր համարեց նաեւ հայերուն սուրիացի իրենց եղբայրներուն հետ ձեռք-ձեռքի վերականգնումի լծուելու աշխատանքը, սուրիական դրօշին ու երկրի վսեմաշուք նախագահին շուրջ համախմբուելով։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, հայերը արտայայտեցին իրենց հաւատարմութիւնն ու հայրենասիրութիւնը՝ պաշտպան հանդիսանալով Սուրիական Հայրենիքին։

Սապպաղ իր խօսքին ընթացքին նկատել տուաւ, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.-ը առաջինն էր, որ իր ուղարկած շնորհակալական նամակով արձագանգեց խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին։

Իր կարգին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը թեմի զաւակներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին, անոր նախագահին եւ երեսփոխաններուն այս որոշումով արդարութեան յաղթանակին սատարելու համար, աւելցնելով որ այս յաղթանակը թագադրուեցաւ Հալէպի ամբողջական ազատագրումով։

Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան շեշտեց, որ սուրիացիներս հպարտ ենք Սուրիոյ նախագահով, անոր պատուաբեր կեցուածքներով, իսկ հայերս ամէնուր պիտի պաշտպանենք Սուրիան ու անոր իրաւունքները։

Հուսկ, սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ Սուրիոյ նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ երեսփոխաններուն ուղղուած շնորհակալական նամակները յանձնեց տիար Համմուտա Սապպաղին։

Պատուիրակութեան անդամները իրենց կարգին շնորհակալութեան խօսք արտասանեցին, յայտնելով որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ դատապարտումի որոշումը պատմական, քաղաքակրթական եւ իրաւական իմաստ կը զգենու, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդը ականատեսն ու վկան է Հայոց Ցեղասպանութեան։ Անոնք, իրենց հաւատարմութիւնն ու սէրը յայտնելով Սուրիական Հայրենիքին, ողջունեցին Սուրիոյ նախագահն ու սուրիական քաջարի բանակը, ոգեկոչելով ու մեծարելով Սուրիոյ նահատակները։