Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, ապա հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսին տաճար ընծայման տօնը ՝ Տեառնընդառաջը։
Աւանդութեան համաձայն, ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը քահանայ հօր եւ դպրաց դասուն առաջնորդութեամբ այնուհետեւ ուղղուեցաւ Ազգային միջնակարգ վարժարանի շրջափակ, ուր խարոյկի բոցավառումին զուգահեռ դպրաց դասը տօնին նուիրուած աղօթքներու եւ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց։