Հալէպի ազատագրումին առիթով, Սուրիոյ կառավարութիւնը Շաբաթ, 22 Փետրուարին իր լրիւ կազմով Հալէպ ժամանեց, Հալէպի մէջ գումարելու իր հերթական նիստը եւ մօտէն ծանօթանալու նահանգի վերականգնումի եւ աշխուժացման կարիքներուն։

Նիստը կոչուած էր սերտելու Սուրիոյ տնտեսական եւ զբօսաշրջական մայրաքաղաք Հալէպի երբեմնի փայլքն ու դերը վերականգնելու հրամայականները։

Կառավարութիւնը վարչապետ Իմատ Խամիսի նախագահութեամբ գումարուող իր նիստին ծառայողական, շինարարական եւ տնտեսական ամբողջական ծրագիր մը հաստատեց Հալէպ նահանգին համար, որուն իրականացման տրամադրեց 145 մլրդ. ս.ո., որպէս շարունակութիւն Հալէպ նահանգի վերականգնումի վերջին երեք տարիներու ծրագիրներուն։