«Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովի սկիզբը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ աւելի անհրաժեշտ է ունենալ իր ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթին կարեւորութիւնը խորապէս գիտակցող երիտասարդութիւն։ «Ամենեւին պայման չէ կուսակցական պատկանելիութիւնը, կարեւորը` տեսակէտ, գաղափար, դիրքորոշում ունեցող երիտասարդութիւն ունենալն է: Մենք կրնանք մեր գաղափարները չընդունողներու հետ երկխօսութեան նստիլ, գործակցիլ, բայց ամենավատը անտարբեր երիտասարդութիւնն է, որ չունի դիրքորոշում», ըսաւ Սաղաթէլեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը ամփոփ կերպով ներկայացուց Դաշնակցութեան ուսանողական – երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը. «126 տարի առաջ ստեղծուած է «Զաւարեան» Ուսանողական Միութիւնը՝ ՀՅԴ-ի առաջին ուսանողական միութիւնը։ Դարասկիզբը Վանի մէջ կը գործէր ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը, որ իր միաւորներով գործուն մասնակցութիւն բերած է թուրք եւ քիւրտ կեղեքիչներուն դէմ հայ ժողովուրդին մղած պայքարը կազմակերպելու եւ առաջնորդելու մէջ»:
«Դաշնակցութեան յարատեւութեան գաղտնիքներէն մէկ այն է, որ ան ունեցած է հայրենասէր, կազմակերպուած, գաղափարական երիտասարդութիւն եւ իւրաքանչիւր սերունդ նոր շունչ տուած է Դաշնակցութեան», ընդգծեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Իշխան Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ Դաշնակցութեան` Հայաստանի մէջ վերընձիւղման զուգահեռ ստեղծուեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը, 3 տարի ետք` Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը:
Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը կազմակերպուած մասնակցութիւն ունեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին: Իշխան Սաղաթէլեան յիշեց դաշնակցական մարտիկներէն քանի մը հերոսի անուն` Թաթուլ Կրպէեան, Վարդան Բախշեան, Գագիկ Գրիգորեան, Գրիգոր Գրիգորեան, շեշտելով. «Սա դաշնակցական երիտասարդի կերպարն է»:
Ապրիլ 2016-ին դաշնակցական երիտասարդները դարձեալ Արցախի մէջ էին:
«Երբ շատերը Ստեփանակերտի մերձակայքը սելֆի կը նկարուէին իրենց կենսագրութեան համար, Դաշնակցութեան երիտասարդները Թալիշի եւ Եղնիկներու մէջ կը պաշտպանէին սահմանը», ըսաւ ան: