Արցախի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը 25 Փետրուարի նիստին համապատասխան լիազօր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազմակերպած է վիճակահանութիւններ, որուն ընթացքին որոշուած են 31 Մարտին տեղի ունենալիք հերթական ընտրութիւններուն մասնակցող Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներուն անունները եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու (կուսակցութիւններու դաշինքներու) անուանումներու հերթականութիւնը քուէաթերթիկներուն մէջ:
Ըստ վիճակահանութեան արդիւնքներուն` ՀՅԴ կողմէն ներկայացուած ԱՀ նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան քուէաթերթիկին մէջ 8-րդը պիտի ըլլայ, իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` 4-րդը: