Հյդ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու, Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Շիրինեան, որ Ստեփանակերտի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն խորհրդաժողովին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցին ըսած է, որ Հայ Դատի մեր կառոյցին յառաջիկայ գործնական նախաձեռնութիւններէն է եւրոպական պաշտօնական դիտորդական խումբերու ընդգրկումը Արցախի համապետական ընտրութիւններուն:
Ան ըսած է, որ արցախեան յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն մտադիր են ընդգրկել դիտորդական առաքելութիւն ունեցող խումբեր, որոնք ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէն տարբեր երկիրներու մէջ նմանօրինակ գործունէութիւն ծաւալած են:
«Անոնք պիտի գան ու իրենց գնահատականը տան Արցախի մէջ կատարուող ժողովրդավարական ընտրութիւններուն», յայտնած է Յ. Շիրինեան:
Անոր համաձայն, յառաջիկային իրենց կարեւոր ծրագիրներէն է նաեւ տարբեր երկիրներու քաղաքական գործիչներու ընդգրկումով Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան այցելութեան կազմակերպումը Արցախ: Նպատակը` եւրոպացի խորհրդարանականներուն Արցախի ժողովրդավարական զարգացման ուղղութեան ու ընթացքին տեղւոյն վրայ ծանօթացնելն է: Անկախ անկէ, Արցախ պիտի ժամանեն եւրոպական հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու լրագրողներ, որոնց միջոցով եւրոպական հանրութեան պիտի ներկայացուի արցախեան իրականութիւնը` միաժամանակ իրազեկ պահելով զիրենք, որ Արցախի պարագային ԵԱՀԿ-ը պաշտօնական դիտորդական առաքելութեան չի նախաձեռներ:
Կարեւոր համարելով ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը` միասնական աշխատելաոճ ու նպատակաուղղուածութիւն ունեցող կառոյցներու աշխատանքերու համադրումը, Յ. Շիրինեան, յատկանշական կը համարէ աշխատանքերը նաեւ Արցախի մէջ կատարելու հանգամանքը:
«Կը վստահեցնեմ, որ մեր գրասենեակներու օրակարգային հարցերուն առաջին տեղը Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է: Յատկապէս ուշադիր ենք այն բոլոր բանաձեւերուն նկատմամբ, որոնք կը մտնեն Եւրոխորհուրդի ու եւրոպական տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու օրակարգ: Կը հետեւինք, որպէսզի անոնց բովանդակութեան ու բառերու գործածութեան մէջ չէզոքացուի հակահայկական, հակաարցախեան բովանդակութեամբ շարադրանքը», տեղեկացուց Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ կառոյցի գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներէն է նաեւ եւրոպացի դիւանագէտներու այցելութիւններու կազմակերպումը Արցախ:
Անոր համաձայն, Պելճիքան յաջողած է է ձեւաւորել Արցախի 2 բարեկամական խումբ` հոլլանտախօս ու ֆրանսախօս հատուածներու քաղաքական գործիչներու ներառումով: Արձանագրուած յաջողութիւններով մէկտեղ, Հայ Դատի եւրոպական կառոյցը վճռական է` շարունակելու պայքարը մինչեւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան լիիրաւ ճանաչում:
«Եւրոպայի մէջ շատերուն արդէն յստակօրէն յայտնի է, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը հակաողովրդավարական քաղաքականութիւն որդեգրած են: Ասոր հակառակ մենք կը ներկայացնենք Հայաստանի եւ Արցախի ժողովրդավարական գործընթացները: Յաջողութիւնը դիւրին չէ: Եւրոպական շարք մը խորհրդարանականներ արդէն առիթներ ունեցած են` մօտենալու թուրք-ատրպէյճանական դեսպանատուներուն ու պաշտօնեաներուն: Պայքարը այս դաշտի մէջ է», ըսած է Յ. Շիրինեան` դիտել տալով, որ թուրք-ատրպէյճանական գրասենեակին վրայ ծախսուող նաւթատոլարներու աճի հակակշիռը իրենց յամառ ու հետեւողական պայքարն է` հայկական կողմի տեսակէտն ու կեցուածքը առաջ մղելու համար: