ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան «Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը սերտօրէն կը գործակցի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն հետ, յատկապէս Արցախի շահերը արտերկրի մէջ ներկայացնելու համար:
«Խորհրդանշական է, որ խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Արցախի մէջ: Հայ Դատը, աշխարհով մէկ ունի առնուազն 33 կառոյց: Մենք զանոնք կը համարենք մեր իւրովի ներկայացուցչութիւնները, որոնց միջոցով արտաքին քաղաքական շատ հարցեր կը լուծենք: Մենք բարձրօրէն կը գնահատենք Հայ Դատի եւ հայկական գրասենեակային այլ կառոյցներու ներդրումը մեր շահերու պաշտպանութեան, յատկապէս Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին հետ կապուած հարցերուն մէջ», աւելցուցած է Մասիս Մայիլեան: