Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ Իտլիպի ահաբեկիչները, թրքական կողմին անմիջական աջակցութեամբ, ԱՄՆ-ի արտադրութեան ուսի հրթիռներ կ՚օգտագործեն՝ հարուածելու համար սուրիական եւ ռուսական զինուորական օդանաւերը, Սարաքէպի առանցքին վրայ ահաբեկիչներուն դէմ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին։ Աղբիւրը աւելցուց, որ Թուրքիա թնդանօթներ եւ նման հրթիռներ կը տրամադրէ ահաբեկիչներուն։