ՍԱՆԱ, ԱՆԳԱՐԱ- Թուրքիոյ իշխանութիւնները այսօր խոստովանեցան, որ սուրիական բանակին ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով Իտլիպի մէջ սպանուած թուրք զինուորներուն թիւը բարձրացած է 33-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 32-ի։
Անատոլու Լրատու Գործակալութիւնը, վկայակոչելով Թուրքիոյ իշխանութեան տեղեկատուական պատասխանատուներու յայտարարութիւնները, յայտնեց, որ 33 թուրք զինուորներ ռմբաձիգներու հարուածներով սպանուեցան, իսկ 32 ուրիշներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան եւ Թուրքիա փոխադրուեցան։
Սուրիական աղբիւրներ նախապէս յայտնած էին, որ Թուրքիա զէնք ու զինամթերք կը հայթայթէ սուրիական ազատագրուած Սարաքէպի առանցքը թափանցել փորձող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, զինամթերքին մաս կը կազմեն նաեւ ԱՄՆ-ի արտադրութեան ուսի վրայ տեղադրուող հրթիռներ։