«Երկիր».- Նախընտրական քարոզարշաւին չորրորդ օրը` 29 Փետրուարին, ՀՅԴ համամասնական ցուցակով ներկայացուած պատգամաւորի թեկնածուներ Արթուր Մոսիեան, Արմինէ Յարութիւնեան, Սուրէն Շինդեան, Ալիկ Սարգսեան, Սամուէլ Աղաջանեան ԱՀ նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ հանդիպումներ ունեցած են Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղա, Նոր Հայկաջուր, Նոր Կարմիրաւան, Մատաղիս եւ Թալիշ համայնքներու բնակիչներուն հետ:
Դաւիթ Իշխանեան իր ելոյթը սկսած է Սումկայիթի անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած խօսքով, ապա անդրադառնալով նախընտրական ծրագիրին, ան յայտնած է, որ ծրագրային հիմնադրոյթներուն մէջ առաջնահերթութիւն տուած են ընկերվարական արդարութեան պահանջներուն, տնտեսական շարք մը հարցերուն, բայց ինչպէս նախորդ ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն առաջնահերթութիւնը կու տայ անվտանգութեան, պաշտպանութեան համակարգին եւ արտաքին քաղաքականութեան:
Այնուհետեւ թեկնածուն ներկայացուցած է ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս ՀՅԴ-ի տեսակէտները:
Եզրափակելով խօսքը, Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուած է, որ բոլոր առաջնահերթ համարուող հարցերը լուծելու համար կուսակցութիւնը ունի բաւական մեծ կարելիութիւններ: Ըստ անոր, ինչպէս անցնող 30 տարիներուն, նոյնպէս յառաջիկային Դաշնակցութեան ներկայութիւնը Արցախի ներքին կեանքէն ներս խիստ անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլայ:
Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեանի համար այցելութիւնները տուեալ համայնքներէն ներս պարբերական բնոյթ պիտի կրեն: Որպէս վերաբնակեցուած սահմանամերձ համայնքներ, ՀՕՄ-ը տարբեր ծրագիրներով կ’աջակցէր այդ համայնքներու բնակիչներուն:
Անդրադառնալով ՀՅԴ ծրագիրի ընկերվարական ուղղուածութեան, Արմինէ Յարութիւնեան յայտնած է, որ երկրի զարգացումը պէտք է համաչափ ըլլայ` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով սահմանամերձ համայնքներուն: Խօսելով իրատեսական խոստումներուն մասին, Արմինէ Յարութիւնեան կարեւոր համարած է թոշակներու, աշխատավարձերու աստիճանական, պարբերաբար բարձրացումը:
Արթուր Մոսիեան ներկայացուցած է ՀՅԴ-ի առաջադրած ծրագին մէջ ներառուած կրթութեան, գիտութեան եւ տնտեսութեան զարգացման ուղղութիւնները:
Պատգամաւորի թեկնածուն յատկապէս շեշտած է միջին մասնագիտական կրթութեան բնագաւառէն ներս առկայ թերութիւնները: «Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալը նորոյթ դարձած է, իսկ գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, վերամշակող արդիւնաբերութեան ոլորտներէն ներս հմուտ մասնագէտներու կարիք կայ: Հետեւաբար աշխատատեղի ու մասնագէտներու լուրջ հարցեր կը յառաջանան», ըսած է Արթուր Մոսիեան:
ՀՅԴ անդամները խօսած են նաեւ գիւղատնտեսութեան պարտադիր ապահովագրման ՀՅԴ-ի առաջարկի մասին: Մասնագիտութեամբ գիւղատնտես, Գիւղատնտեսական գիտութիւններու թեկնածու Սուրէն Շինդեան կարեւոր համարած է տուեալ մասնագիտութեան կարեւորումը: «Գիւղի զարգացման համար պէտք է գիւղատնտեսութիւնը զարգանայ, ինչ որ մանր ու միջին հողատէրերուն աջակցելով կարելի կ’ըլլայ: Այսօր կան տարբեր պետական ծրագիրներ, բայց ապահովուած չէ արտադրանքի սպառման շուկան: Աջակցութիւնը նպատակային պէտք է ըլլայ», ըսած է Սուրէն Շինդեան, պատասխանելով գիւղատնտեսութեան մասին հարցումին:
Արցախեան շարժման առաջամարտիկներէն, Պաշտպանութեան Բանակի տարբեր ստորաբաժանումներէն ներս ծառայած ու թոշակի անցած, պահեստազօրի գնդապետ Ալիկ Սարգսեան, յիշեցնելով ՀՅԴ-ի դերը Արցախեան ազատամարտին, յայտնած է, որ այժմ ՀՅԴ-ն իր ներուժին մեծ մասը կեդրոնացուցած է Արցախի մէջ: Ալիկ Սարգսեան շեշտած է յատկապէս առկայ աղաւաղուած քաղաքական միջավայրին մէջ ճիշդ կողմնորոշուելուն ու արդարացի ընտրութիւն կատարելուն կարեւորութիւնը:
ՀՅԴ թեկնածուները պատասխանած են երիտասարդներուն աշխատանքով ապահովելու, տնտեսութեան զարգացման, վերաբնակեցման, ջրամատակարարման եւ այլ հարցերու լուծման ուղղութեամբ ՀՅԴ տեսակէտներուն վերաբերող հարցումներուն: