«Հորիզոն».- ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, մշտապէս պատրաստակամ ըլլալով իր բոլոր կարելիութիւններով արձագանգելու ազատ եւ անկախ Արցախի հզօրացման ջանքերուն, կը շարունակէ ունենալ իր ներդրումը Արցախի պետականութեան ամրապնդման առաքելութեան մէջ։
Կեդրոնական Կոմիտէն, խիստ կարեւորելով Արցախի Հանրապետութեան ինքնաբաւութեան հասնիլը, ընկերային, տնտեսական զարգացման համար բարենպաստ միջավայրի ձևաւորումը, բնական աճի խթանումը, սահմանամերձ շրջաններու ամրապնդման ու վերաբնակեցման հիմնախնդիրները, իբր օժանդակութիւն վերոգրեալներուն՝ կեանքի կը կոչէ «Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբ»ը։
Յանձնախումբը արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքները եւ յանձնառու է, յանուն Արցախի բարգաւաճման, օգտագործելու իր ամբողջ ներուժը՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ իրականացնելու ընկերային-տնտեսական աջակցութեան եւ զարգացման տարբեր ծրագիրներ։
Միասին՝ յանուն Արցախի։

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէ