Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիա չերաշխաւորեր Սուրիա թափանցող զինուորական օդանաւերուն ապահովութիւնը, որովհետեւ Սուրիա արդէն իսկ փակ յայտարարած է Իտլիպի օդային տարածքը:
Յայտնենք, որ Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը երէկ Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան շրջանի, յատկապէս Իտլիպի, օդային տարածքը փակ յայտարարեց՝ համարելով որ սուրիական օդային տարածք մուտք գործող իւրաքանչիւր օդանաւ թշնամական պիտի համարուի ու վար առնուի, որպէսզի իր թիրախին չհասնի: