Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է գարնանային արձակուրդի թուականի փոփոխութեան առումով, ըստ որուն հետագայ որոշումները պիտի ընդունուին եւ հրապարակուին` համաճարակաբանական հսկողութեան պահանջներուն համապատասխան:
Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը կը քննարկէ չամբողջացած դասաւանդութիւնը լրացնելու հարցը ուսումնական ծրագիրի բեռնաթափման եւ ուսումնական գործընթացի վարչակարգի փոփոխութեամբ լուծելու կարելիութիւնները:
ԿԳՍ Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ. «Ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ կը կարեւորենք բոլորի եւ իւրաքանչիւրի համարժէք վարքագիծը` համաճարակի տարածումը կանխարգելելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային` պայքարի արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով:
Կը յորդորենք առաջնորդուիլ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուած ուղեցոյցներով:
Սահմանուած կանոններուն հետեւիլը զգալիօրէն կը նուազեցնէ կրիփի, քորոնա ժահրի վարակի եւ այլ սուր շնչառական ժահրերու վարակի եւ անոնց հետագայ տարածման վտանգը:
Շարունակեցէ՛ք հետեւիլ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի եւ ԿԳՍ ու ԱՆ նախարարութիւններու կայքէջերուն ու դիմատետրի էջերուն միջոցաւ:
Կը մաղթենք բոլորիդ առողջութիւն»:

Աւելցնենք, որ սուր շնչառական ուղիներու հիւանդութիւններու եւ համաճարակաբանութեան պատճառով Արցախի տարածքէն ներս գործող բոլոր հանրակրթական հաստատութիւններէն ներս 21-22 Փետրուարը, այնուհետեւ 25-29-ը` բոլոր նախակրթարաններուն եւ դպրոցներուն ու մասնագիտական հաստատութիւններուն մէջ, ուր դասերէն բացակայութիւններու թիւը թոյլատրելի սահմանը անցած է, դադրած են ուսումնական դասաւանդութիւնները:
Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը եւ Առողջապահութեան նախարարութիւնը միատեղ որոշում ընդունած են` հիւանդութիւններու հետագայ տարածումը կանխելու նպատակով, միաժամանակ, նկատի առնելով նոր քորոնաժահրի ներթափանցման վտանգները:
Այս ընթացքին մանկապարտէզներէն, դպրոցներէն եւ ուսումնարաններէն ներս իրականացուած են ախտահանման, օդափոխման եւ շէնքերու մէջ ջերմային վարչակարգի կարգաւորման լրացուցիչ աշխատանքներ: