ՍԱՆԱ- Երէկ, սուրիական զինուորական երկու օդանաւեր, Իտլիպի ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ իրենց պաշտպանողական յանձնառութիւնը կատարելու ընթացքին, ժամը ճիշդ 13,25-ին, թիրախ դարձան թրքական օդուժի յարձակումներուն եւ ինկան սուրիական հողերուն վրայ: Օդանաւորդները ապահով վայրէջք կատարեցին եւ փրկուեցան: Մինչ այդ, սուրիական օդային պաշտպանական համակարգերը վար առած էին ապօրինաբար սուրիական օդային տարածք թափանցած երեք թրքական օդանաւեր:
ՍԱՆԱ տեղեկացուց, որ Իտլիպի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ զօրակցութիւնը կը վայելեն ու անկէ կը ստանան իրենց զէնքն ու զինամթերքը, ինչպէս նաեւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան տեղեկատուական աջակցութիւնը: