Երկուշաբթի, 2 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց լիպիական պատուիրակութիւն մը՝ Լիպիոյ փոխվարչապետ Ապտուլ Ռահման Ուհաիրաշի նախագահութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ քաղաքական վերջին զարգացումներուն շուրջ: Անոնք շեշտեցին, որ Սուրիա եւ Լիպիա կը պատերազմին նոյն թշնամիին դէմ եւ կը տառապին արտաքին այլատեսակ միջամտութիւններէ:
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մակարդակներով գործակցութիւնը վերաշխուժացնելու մասին, ինչ որ դրական քայլ կը համարուի դիւանագիտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմ եւ փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ, նաեւ Սուրիոյ նախագահութեան տեղեկատուական եւ քաղաքական խորհրդատու դոկտ. Պուսայնա Շաապան: