Երկուշաբթի, 2 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իտլիպի հարաւարեւելեան շրջանի Սարաքէպի աւանին մէջ սուրիական բանակը բուռն կռիւներ մղեց «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ եւ յաջողեցաւ վերստին քաղաքը ամբողջութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առնել: ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական բանակին մղած զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով մեծ թիւով ահաբեկիչներ սպանուեցան, իսկ ոմանք փախուստ տուին դէպի արեւմտեան գիւղեր:
Զուգահեռաբար, սուրիական բանակը կը շարունակէ յառաջխաղացք արձանագրել Իտլիպի հարաւային Տար Քապիրա եւ Հազարին գիւղերուն մէջ, քանդելով ահաբեկիչներու թաքստոցներ եւ նահանջի մատնելով զիրենք: