«Ասպարէզ».- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ուաշինկթընի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 1 Մարտին, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, շրջանի հայ համայնքին ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Ցուցարարները դատապարտեցին Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած ոճիրները՝ պահանջելով պատժել մեղաւորները։ Անոնք նաեւ քննադատեցին Պաքուի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքները եւ սպառնալիքները:
Ցոյցին մասնակցողները Արցախի դրօշին կողքին կը պարզէին իրենց պատգամները բիւրեղացնող գրութիւններ, նոյն ժամանակ նշելով, որ երկարատեւ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն յարգելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ներկաները նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին Մատրիտեան սկզբունքները ընդունելու հարցով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն վրայ հետզհետէ աճող ճնշումներուն նկատմամբ։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Պաքուի սպանդներուն 30-ամեակին նուիրուած եւ Քոնկրեսի շէնքին մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած հաւաքէն ետք եւս, աւելի քան երկվեցեակ մը քոնկրեսականներ յայտարարութիւններ հրապարակելով դատապարատեցին Սումկայիթի, Պաքուի եւ հայերու դէմ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս գործադրուած միւս ջարդերը։