«Ապառաժ».- ՀՅ Դաշնակցութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանն ու պատգամաւորի թեկնածուներ Արթուր Մոսիեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Արմինէ Յարութիւնեան եւ Արմէն Սարգսեան 1 Մարտին հանդիպում ունեցած են Ալ․հեքիմեան փողոցի բնակիչներուն հետ:
Դաւիթ Իշխանեան Ստեփանակերտի քաղաքացիներուն ներկայացուցած է ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը, նշելով, որ յառաջիկայ տարիներուն Դաշնակցութիւնը խսիւ պիտի հետապնդէ Արցախի ներքին ու արտաքին կեանքը:
Պատգամաւորի թեկնածու Արթուր Մոսիեան ներկայացուցած է պետաիրաւական համակարգէն ներս Դաշնակցութեան առաջարկած ծրագրային դրոյթները:
Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրի ընկերվարական հիմնադրոյթներուն անդրադարձած է պատգամաւորի թեկնածու Արմինէ Յարութիւնեան անդրադառնալով յատկապէս աշխատավարձերու եւ թոշակներու բարձրացման հարցին:
Աւելցնենք, որ հանդիպումի աւարտին քաղաքացիները Դաշնակցութեան թեկնածուներուն ուղղած են շարք մը հարցադրումներ, որոնք յատկապէս ընկերային ոլորտին կ’առնչուէին: