2 Մարտին, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս տեղի ունեցած է պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հանդիպումը Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին 75-ամեայ յոբելեանին նուիրուած` 2020-ին նախատեսուած միատեղ նախաձեռնութիւններու ցանկը եւ իրականացման եղանակները, հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ զարգացման ուղիները, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր: