“Երկիր”._Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ:

Հաղորդուած է, որ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Գախարիան հայ գործընկերոջը, կառավարութեան պատուիրակութեան հետ միասին, ճամբած է Թիֆլիսի Շոթա Ռուսթաուելի միջազգային օդանակայանէն:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան 3_4 Մարտին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Վրաստան:

ՀՀ վարչապետը հանդիպումներ ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Գախարիայի, նախագահ Սալոմէ Զուրապիշուիլիի, խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալակուաձէի եւ Ամենայն Վրաց Կաթողիկոս-Պատրիարք Իլիա Երկրորդին հետ: Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ վիրահայ համայնքին հետ: