Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ  հաղորդեց, որ քանի մը օր առաջ Սու-րիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ լիպիական կառավարութեան պատուիրակութեան միջեւ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի աւարտին, կողմերը համաձայնութիւն կնքած են Դամասկոսի մէջ վերաբանալու Լիպիոյ դեսպանատունը, ամրապնդելու երկու բարեկամ երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւնը: