Ուրբաթ, 6 Մարտ 2020-ի երեկոյեան, Կիպրոս կղզին երկուքի բաժնող՝ Նիկոսիոյ «Կանաչ Գիծ»ի վրայ գտնուող՝ Shoe Factory հանդիսարահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ-ընդունելութիւն, կազմակերպուած Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ Արցախի Բարեկամներու Շրջանակը, բաղկացած յոյն-կիպրացի քաղաքական կուսակցապետերէ եւ երեսփոխաններէ, ինչպէս նաեւ ակադեմիկոսներէ եւ լրագրողներէ։

Ձեռնարկին յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Փոխ-Նախարար Արմինէ Ալեքսանեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։ Ներկայ էին տեղական յոյն-կիպրական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն։