Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 6 Մարտին աշխատանքային այցելութեամբ Կիպրոսի Հանրապետութիւն գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան մասնակցած է Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբին կազմակերպած Արցախին նուիրուած նախաձեռնութեան: Ձեռնարկին յայտարարուած է Կիպրոսի մէջ Արցախի Բարեկամներու Շրջանակի ստեղծումը, որուն կ’անդամակցին Կիպրոսի խորհրդարանի, քաղաքային խորհուրդներու անդամներ, յայտնի քաղաքական գործիչներ եւ գիտնականներ:
Իր ելոյթով ԱԳ նախարարի տեղակալը ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու հանրապետութեան մէջ առկայ իրողութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ արտաքին յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը` կարեւոր համարելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան ձեւաչափը, միջազգային գործընթացներով Արցախի ներգրաւուածութեան ընդլայնման մէջ:
Արմինէ Ալեքսանեան ընդգծած է շարք մը երկիրներու մէջ գործող Արցախի բարեկամներու խումբերուն եւ շրջանակներուն դերը` Արցախի մասին իրազեկման բարձրացման, ինչպէս նաեւ տարբեր բնագաւառներէն ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման մէջ: ԱԳ փոխնախարարը յատկապէս կարեւոր համարած է Կիպրոսի մէջ Արցախի Բարեկամներու Շրջանակի ստեղծումը, որ կարելիութիւն կ’ընձեռնէ կեդրոնացնել ջանքերը` հիմնարկային մակարդակով ամրապնդելու եւ զարգացնելու երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստելու Կիպրոսի մէջ Արցախի ճանաչելիութեան բաձրացման եւ հանրապետութեան շահերու յառաջ մղման:
Արմինէ Ալեքսանեան բարձր գնահատած է Սփիւռքի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Արցախի մէջ զարգացման զանազան ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ գործուն աջակցութիւնը հանրապետութեան արտաքին կապերու հաստատման ու ընդլայնման:
Նոյն օրը Արմինէ Ալեքսանեան Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ այցելած է Կիպրոսի Հայոց Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի Թեմի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Կողմերը ընդգծած են նմանօրինակ հանդիպումներուն կարեւորութիւնը` համահայկական հարցերու քննարկման համար:
Արմինէ Ալեքսանեան այցելած է նաեւ Նիկոսիոյ Նարեկ հայկական վարժարանը եւ հանդիպած վարժարանի ղեկավարութեան ու աշակերտութեան հետ: