Զար­մա­նա­լի է ՄԱՐ­ԴԸ: Աւե­րո­ղը, քան­դո­ղը, աք­սո­րո­ղը, տա­րագ­րո­ղը, սպա­նո­ղը… մարդն է, նոյն­պէս այդ բո­լո­րէն փր­կո­ղը: Չարն ու բա­րին անընդ­հատ կը պայ­քա­րին երկ­րի վրայ: Նիւ­թա­կանն ու հո­գե­ւո­րը, լոյսն ու խա­ւա­րը, բարձ­րը եւ ստո­րի­նը, առա­քի­նին ու ըն­չա­քաղ­ցը, մարդ­կա­յինն ու ան­մարդ­կա­յի­նը… բո­լո­րը գոյ են ՄԱՐ­Դուն մէջ: Յա­րա­փո­փոխ յա­ւեր­ժու­թիւնն է սա՝ կեան­քը իր եր­կու էա­կան երես­նե­րով: Եր­կու ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րուն տի­րող­նե­րուն անուն­նե­րը կ’երե­ւին, կը գր­ուին ու կը յիշ­ուին սե­րունդ­նե­րու փո­փո­խու­թեամբ.
«Մեր նո­րա­ծին­նե­րը Թալ­ի­աթ, Էն­վէր, Ճե­մալ եւ Հա­միտ պի­տի ան­ուա­նենք, նոյ­նիսկ եթէ անոնք էգ ծնին», հե­ռա­տե­սի­լէն յայտ­նեց թուրք մը, ի լուր ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վեր­ջին իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն:
Մինչ մտա­պատ­կե­րիս մէջ ուր­ուագծ­ուե­ցաւ ար­ձա­նին ջերմ, հա­րա­զատ, հա­մես­տա­բոյր, մայ­րա­կան, պա­րու­րող տես­քը: Առա­ջին ար­ձանն էր, որ տպա­ւո­րած էր զիս, երբ կը յա­ճա­խէի այդ հս­կայ, ի՛ր անու­նը կրող հաս­տա­տու­թիւնը, ուր բա­կին մէկ ան­կիւնը զե­տե- ղ­ուած է ար­ձա­նը:
Ան­դին, դի­մա­տետ­րի էջե­րուն մէջ յա­ճախ կ’երե­ւին տար­բեր տա­րեշր­ջան­նե­րու շր­ջա­նա­ւարտ սե­րունդ­նե­րուն, տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ցր­ուած հա­յոր­դի­նե­րուն խմ­բան­կար­նե­րը: Անոնք կը յի­շեն նոյն հաս­տա­տու­թեան անու­նը, որ յա­ւեր­ժա­ցումն է հայ որ­բե­րու ու այ­րի­նե­րու փր­կու­թեան հա­մար ամէն հա­ճոյք, կեան­քի վա­յելք ու փառք ոտ­նա­կո­խող, ֆիզիքապէս մայ­րու­թիւնը չապ­րած, բայց հա­զա­րա­ւոր տա­րագր­եալ­նե­րու մայ­րը կոչ­ուած դան­ի­ա­ցի Քա­րէն Եփ­փէ­ին:
Մար­դը երբ կը ծնի ձեռ­քը բռունցք մըն է, ուր կը պահ­ուի գաղտ­նիք մը, առա­քե­լու­թիւն մը՝ միայն իրեն վե­րա­բե­րող:
Շա­տեր կու գան ու կ’անց­նին առանց նոյ­նիսկ այդ գաղտ­նի­քին գո­յու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լու: Ոմանց կը վի­ճակ­ուի բա­ցա­յայ­տու­մը: Անոնց՝ միայն որոնց հա­մար անձ­նա­կա­նը գո­յու­թիւն չու­նի. անոնք կեան­քի բա­ցած դռ­նե­րուն դէմ չեն ընկր­կիր, կ’ընտ­րեն միայն մէ­կը՝ ամե­նա­մու­թը, ամե­նա­ծան­րը, ամե­նա­տան­ջա­լի­ցը, ամե­նան­ուի­րա­կա­նը… ամե­նա­մարդ­կա­յի­նը, հոն՝ ուր կ’ոտ­նա­կոխ­ուի նիւ­թը, կամ, գո­յու­թեան պա­րա­գա­յին, կ’օգ­տա­գործ­ուի նուի­րու­մի, զո­հո­ղու­թեան, կեան­քի մը փր­կութ­եան հա­մար: «Ես»ը պատ­նէ­շել կը ջա­նայ ու­րիշ «ես»երու պատ­ճա­ռած աւերն ու կո­տո­րա­ծը:
Հոս գոյ­նը, լե­զուն, ազ­գի մը պատ­կա­նե­լիու­թիւնը պար­զա­պէս անուն­ներ են տր­ուած ընդ­հա­նուր «մարդ» էա­կի կո­չու­մին: Լուս­իա մը Աստ­ղի­կի մը մի­աց­նե­լու հա­մար զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը կը դիզ­ուին, ոչ մէ­կը խո­չըն­դո­տի կը վե­րած­ուի, եւ կը քակ­ուի զո­հո­ղու­թեանց կծի­կը կամ­քին թե­լադ­րու­թեամբ. ամէն մի­ջոց ի գործ կը դր­ուի զա­նոնք մի­աց­նե­լու՝ եր­կու կո­րուս­եալ, տա­րա­գիր, պետէուին­ե­րու վրան­նե­րուն մէջ ողջ ու բաժն­ուած հա­րա­զատ­ներ. մի­աց­նե­լու եր­կու ցա­ւեր, որ ամոք­ուին անոնք իրար­մով ու դառ­նան մէկ, անոնց մի­ա­նան տաս­ներ, հա­րիւր­ներ, հա­զար­ներ ու ցա­ւե­րը վե­րա­նան մի առ մի: Անց­եա­լի թա­խի­ծը, կո­րուստն ու վիշ­տը կա­մաց-կա­մաց սպ­ի­ա­նայ ու նոր մի­ջա­վայ­րի մէջ հի­նը նո­րոգ­ուի, շնորհք­նե­րը, տա­ղանդ­նե­րը բա­ցա­յայտ­ուին ու նո­րի ստեղ­ծու­մով մշու­շո­տի հի­նին պատ­ճա­ռա­ծը:
Ափե­րը պար­զած կը շա­րու­նա­կէ տա­րա­ծել սէր, բա­րիք ու իւ­րա­քան­չիւր նուա­ճու­մէ ետք, իւ­րա­քան­չիւր որ­բի եւ այրիի ժպի­տին մէջ կը մոռ­նայ ի՛րը, կը լի­ա­նայ անոնց ժպիտ­նե­րով, կ’եր­ջան­կա­նայ ու ինք եւս անց­եա­լը կը ջն­ջէ կա­րօտ­եալ­նե­րուն անց­եա­լին մո­ռա­ցում պար­գե­ւե­լով եւ կը նուիր­ուի միայն անոնց, առանց նոյ­նիսկ յի­շե­լու իր ծնն­դա­վայ­րը, ծնո­ղը, տու­նը հայ­րա­կան: Կա­թիլ մը յոյ­սի ներշըն­չու­մը առաջ­նա­հեր­թու­թիւն է. որ­բուկ մը գր­կե­լը, անոր ար­ցուն­քը սր­բե­լը, զայն կշ­տաց­նե­լը, սի­րե­լը ամէն ին­չէ վեր է:
Ու կը դի­տէ ան իր կեր­տա­ծը, կը շա­րու­նա­կէ կեր­տու­մի իր աշ­խա­տան­քը նոր եր­ջան­կու­թեամբ, նոր խան­դա­վա­ռու­թեամբ, առա­ջի­նէն տար­բեր, բայց առա­ջի­նին կառ­չած. այն­պէս, ինչ­պէս ցա­նած սեր­մին ծլար­ձա­կու­մը տես­նող ու հո­ղի պա­րար­տու­մով, ջու­րի յա­գե­ցու­մով կը ջա­նայ ան­հա­տը մէկ ծի­լը դարձ­նել եր­կու-երեք…, հա­ւատքն ու յոյ­սը կ’ըն­կե­րա­նան ու նոր ծի­լե­րը ծա­ռի վե­րա­ծե­լու ջան­քը հա­ճե­լի կը դարձ­նեն:
… Եւ ար­ձա­նա­ցած յա­ւեր­ժու­թիւնը կը դի­տէ իր անու­նը կրող հաս­տա­տու­թեան բա­կէն ամէն ինչ: Կը փայ­լի եր­բեմն պրոնզ­եայ հպարտ կեց­ուած­քով, արե­ւուն շո­ղե­րը կը յըս­տա­կաց­նեն ազ­նիւ դէմ­քին մանր կն­ճիռ­նե­րը, պա­րու­րող ժպի՛տը, որ կը ծած­կէ աչ­քե­րուն թա­խի­ծը: Հայ­եաց­քով կը գր­կէ նոր պա­տա­նի­նե­րը՝ նոր ծի­լե­րը եւ մտո­վի կը հաշ­ուէ իր ջան­քե­րով վե­րապ­րող­նե­րուն սե­րունդ­նե­րը:
Անի Բրդոյեան-Ղազարեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»