«Էվրոսի սահմանագիծին վրայ պիտի ուղարկենք յատուկ ուժերու 1000 ոստիկաններ, լրիւ զինուած, թրքական հողերէն դուրս պահելու համար գաղթականներու հոսանքները, որոնք Յունաստանին կողմէ կը կասեցուին սահմաններուն վրայ», անցեալ Հինգշաբթի յայտնեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու։
Ակներեւ է, որ Թուրքիա այլեւս պատերազմական թատերաբեմի կը վերածէ Էվրոսի սահմանագիծը՝ աննախադէպ հետեւանքներով։
Հազար թուրք ոստիկաններ պիտի տարածուին Էվրոս գետի թրքական ցամաքին վրայ, զանազան միջոցներով դիւրացնելու համար գաղթականներու ապօրինի մուտքը Յունաստան։
Պահ մը մտաբերենք հետեւեալ պատկերը։
Թուրքերը լաստերու մէջ կը տեղաւորեն գաղթականները, որոնց կը ստիպեն անցնիլ յունական ցամաք։
Բնականաբար, յունական ուժերը ձեռնածալ պիտի չմնան, գաղթականներուն ետ պիտի մղեն՝ դէպի Թուրքիոյ ցամաքը։
Նախարարին համաձայն, թուրքերը պիտի կասենցնեն վերադարձը՝ քիմիական եւ արցունքաբեր ռումբեր նետելով գաղթականներուն վրայ, հաւանաբար՝ լաստիկէ փամփուշտներ պիտի արձակեն, իսկ գիշերները, մութին մէջ՝ հաւանական է, որ իրական փամփուշտներ եւս գործածուին։
Թուրքիոյ ծրագիրը աւելի քան յստակ կը դառնայ։
Գաղթականները կա՛մ խեղդամահ պիտի ըլլան, Յունաստանը ամբաստանելով, թէ անմեղ ժողովուրդ կը սպանէ, կամ ալ թրքական ուժերը պիտի փորձեն առանց որեւէ հակակշիռի՝ իրարանցում ստեղծել գետի յունական ափին վրայ, որպէսզի գաղթականները ի վերջոյ կարողանան ոտք կոխել Յունաստան։
Իսկ յունական ապահովական ուժերը կրնա՞ն արդեօք ձեռնածալ մնալ։ Աշխարհի վրայ չկայ զօրք կամ ոստիկանական ուժ, որ անպատասխան կրնայ ձգել կատարուած ոտնձգութիւնը։ Իսկ, ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ յունական կողմը իր ազդու պատասխանը տայ…
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վտանգաւոր խաղերու մէջ մտած է։ Ան կրակով կը խաղայ, որուն մէջ կը ներքաշէ Յունաստանը եւ տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին Սուրիոյ գաղթականութեան հետ, այլ՝ Թուրքիա հասած են Ասիոյ զանազան երկիրներէ…
Յունաստան պարտի ցուցաբերել պաղարիւնութիւն եւ կատարել զգուշաւոր եւ նուրբ շարժումներ, որոնք սակայն բաւարար չեն։
Եւրոպան պարտի գործնապէս զօրակցիլ Յունաստանին։ Ազնիւ խօսքերով եւ մաղթանքներով կարելի չէ կացութիւնները շրջել։ Գերմանիոյ նման երկիր մը կարծէք անտարբեր կը դիտէ ստեղծուած իրավիճակին եւ որեւէ յանձնառութեան տակ չի մտներ գաղթականներու հարցին լուծման համար։ Յունաստան մինակ կանգնած կը թուի ըլլալ «սուլթան»ին կողմէ միջազգային օրէնքին ու կանոններուն կոպիտ խախտումներուն եւ ոտնահարումներուն դիմաց։
Յունաստանի սահմանները նաե՛ւ եւրոպական սահմաններ են։ Եւրոպան պարտի իր սահմաններուն տէր կանգնիլ։
«Ազատ Օր»