Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ Ուրբաթ, 6 Մարտի երեկոյեան ընդունեց ՀՅԴ ներկայացուցիչներու այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանի եւ անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի։
Նախագահ Փաւլոփուլոս, ջերմօրէն ողջունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը Յունաստան, անդրադառնալով իր սերտ ու երկարատեւ կապերուն Յունաստանի հայ համայնքին եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ, ապա անդրադարձաւ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Արմէն Սարգսեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին բարձր մակարդակին։ Ան խանդավառութեամբ խօսեցաւ Երեւանի մէջ պետական փոխյարաբերութիւններու բեղուն արդիւնքներուն մասին եւ զօրակցական իր անվերապահ կեցուածքը արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
Կողմերը քննարկեցին Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած լարուած ու բարդ իրավիճակը, որ անգամ մը եւս միջազգային ընտանիքին առջեւ կը մերկացնէ Թուրքիոյ որդեգրած ծաւալապաշտ գործելաձեւը եւ ճնշումներու ու սպառնալիքներու լեզուով՝ Եւրոպան եւ մարդկութիւնը իր ծրագիրներուն ծառայեցնելու փորձը։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը վստահեցուց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով, Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդի անկեղծ ու պատրաստակամ գործակիցն է։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յունահայութեան հանդէպ երկար տարիներէ ի վեր անոր ունեցած անկեղծ վերաբերմունքին համար ու համոզում արտայայտեց, որ բարձրամակարդակ ու ջերմ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն պահպանուիլ ապագային եւս։