«Էրմէնիհապեր».- 5 Մարտին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ էրտողան Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ հրադադար հաստատելու մասին յուշագիր ստորագրեցին:
Փութինի եւ Էրտողանի հանդիպումին ընթացքին տեսախցիկները կեդրոնացած էին առաջնորդներու յետնամասը տեղադրուած 2 արձաններուն վրայ, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ քննարկումներու առիթ դարձած էին:
Առաջին նկարին մէջ պատկերուած փոքր պրոնզէ քանդակը կը խորհրդանշէր 1877-1878 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Ռուսիոյ յաղթանակը: Քանդակի անուանումը` «Ռուս Զինուորին Սխրանքը Պուլկարիոյ Մէջ» (1877-1878):
Միւս նկարին մէջ Եկաթերինա 2-րդ թագուհիին պրոնզէ արձանն է: Եկաթերինա 2-րդը ռուս-թրքական պատերազմին (1768-1778) Օսմանեան Կայսրութիւնը ջախջախիչ պարտութիւններու մատնած էր եւ անոր օրով Խրիմը կցուած էր Ռուսիոյ:
Թրքական լրատուամիջոցներէն մէկը անդրադառնալով թեմային, գրած է, թէ ուսումնասիրած են Քրեմլի մէջ Փութինի շարք մը ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումները եւ պարզած են, որ այս խորհրդանշական արձանները միշտ եղած են այդ սրահին մէջ:
Աղբիւրին դիտարկումով` արձանները դիտաւորեալ չեն դրուած սրահէն ներս եւ Թուրքիոյ ուղղուած յատուկ ուղերձ չեն պարունակեր, այլ անոնք եղած են նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերկելի հետ հանդիպումներուն ընթացքին նաեւ: