«Ապառաժ».- 7 Մարտին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորութեան թեկնածուներ Արթուր Մոսիյեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նախընտրական հանդիպումներ ունեցած են Շահումեանի շրջանի շարք մը գիւղական համայնքներուն եւ շրջանի կեդրոն Քարվաճառի բնակիչներուն հետ: Նոր Գետաշէն, Նոր Էրքէջ, Նոր Բրաջուր, Վերինշէն համայնքներու ընտրողներուն հետ հանդիպումներէն առաջ, Դաշնակցութեան թեկնածուները նախ ծաղիկներ զետեղած են Արցախեան ազատամարտին նահատակուած քաջորդիներուն նուիրուած յուշակոթողներուն դիմաց՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին:
Հանդիպումներու ընթացքին թեկնածուները ներկայացուցած են Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին հիմնադրոյթները, ապա անդրադարձած են վերաբնակեցուող Շահումեանի շրջանը մտահոգող հարցերուն: Նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան յայտնած է, որ ըստ Դաշնակցութեան տեսլականին` վերաբնակեցման քաղաքականութեան գօտիին մէջ պիտի ընդգրկուի Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ճամբաներու բարեկարգման հարցին:
Շրջանի համայնքերուն մէջ բնակիչները հետաքրքրուած են նաեւ Դաշնակցութեան` ընկերային-տնտեսական, փտածութեան դէմ պայքարին, կրթամշակութային, բազմազաւակ եւ երիտասարդ ընտանիքներու աջակցութեան, բնակարանաշինութեան, ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման եւ ազատագրուած բնակավայրերու ճակատագրին վերաբերող ծրագիրներով:
Նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան եւ պատգամաւորի թեկնածուներ Ա. Մոսիյեան ու Լ. Յովհաննիսեան պատասխանելով ընտրողներու հարցադրումներուն, յայտնած են, որ Դաշնակցութիւնը պարբերաբար հանդիպելով բնակչութեան հետ, քաջատեղեակ է հանրապետութեան բնակավայրերու առանձնայատկութիւններէն ու հարցերէն: Անոնց հիմնական լուծումը Դաշնակցութիւնը կը տեսնէ նախընտրական ծրագիրին մէջ տեղ գտած դրոյթով, որուն համար կը նախատեսուի Արցախի բոլոր բնակավայրերուն մէջ համաչափ զարգացում եւ ներդրումներու համաչափ բաշխում:
Հանդիպումներու ընթացքին անկեղծ ու անմիջական երկխօսութեամբ ընտրողները խոստովանած են, որ իրենք Շահումեանի շրջանէն ներս մշտապէս զգացած են Դաշնակցութեան գործնական ներկայութիւնը, որ դրսեւորուած է շարք մը հարցերու լուծումով. որոշ համայնքերու մէջ կառուցուած են դպրոցներ, լուծուած են ընկերային հարցեր: