«Արմէնփրէս».- 10 Մարտին Անգարայի մէջ Ռուսիոյ զինուորական պատուիրակութեան մասնակցութեամբ բանակցութիւններ պիտի սկսին Սուրիոյ Իտլիպի իրադրութեան շուրջ:
Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան` 9 Մարտին տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է,«(Իտլիպի մասին) մոսկովեան յուշագիրին համապատասխան, 10 Մարտին Անգարայի մէջ բանակցութիւններ պիտի սկսին Ռուսիոյ զինուորական պատուիրակութեան մասնակցութեամբ»: