Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ յունահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հաւաքին

Իր աշխատանքային այցելութեան առիթով, ՀՅԴ Բիւրոյի ներ կայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեսակցեցաւ յունահայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, Ուրբաթ՝ 6 Մարտ 2020-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ։

Հրաւէրին ընդառաջած էին եւ ներկայ եղան Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, հայ կաթողիկէ համայն քի ժողովրդապէտ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, քահանայից դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային  Կեդր. վարչութեան անդամ Արմէն Տէրեան, Հայ Կարմիր Խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւններու անդամները, ՀՅԴ կոմիտէներու անդամներ, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը, ինչպէս նաեւ տեղական մասնաճիւղերու վարչականներ։

Երեկոյի բացումը կատարեց ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, որ հակիրճ կերպով բացատրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւնները, յատուկ անդրադարձ ընելով նոյն երեկոյ՝ Յունաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ստեղծուած ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտին ու արծարծուած հար ցերուն։ Յաջորդաբար, ան կարեւորեց յունահայ կառոյցներուն հետ հանդիպումը, որ առիթ կը ստեղծէ գաղութային գործօնններուն անմիջական կերպով իրազեկ ըլլալու ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին։

Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաղորդական կերպով լայն տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքաքան, ընկերային եւ տնտեսական իրականութեան մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան մասին, նշելով այն բոլոր հարցերը, ո րոնց համար կուսակցութիւնը դիմած է գործնական քայլերու,  կամ՝ յստակ քաղաքական կեցուածքներու եւ առաջարկներու ներկայացումին։

Յաջորդաբար, ընկ. ներկայացուցիչը ծանրացաւ Արցախի մէջ եւ անոր համար կատարուած քաղաքական գործունէութեան, Արցախի հիմնախնդիրի լուծման ներկայ զարգացումներուն, ապա  ներկայացուց Դաշնակցութեան մասնակցութեան առաջադրանք ները նախագահական եւ խորհրդարանական զոյգ ընտրութիւններուն։

Յատուկ անդրադարձ եղաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին աշխարհասփիւռ ՀՅԴ Հայ Դատի յաձնախումբերուն կողմէ, կարեւորելով տարբեր ցամաքամասերուն մէջ տասնեակ տարիներ գործող կեդրոնական գրասենեակներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ նշանակալից նուաճումները։

Իր խօսքի աւարտին, ընկ. Տէր Խաչատուրեան մասնաւորեց ՀՅԴ դերակատարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման համար, Սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն վրայ, հայրենիքէն հեռու հայու ինքնութեան եւ հայեցի կրթութեան տագնապներու դիմագրաւումին, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, հայրենադարձութեան զարգացման եւ սփիւռքի ներուժը հայրենիքի ի սպաս դնելու հնարաւորութիւններուն։

Լայն եւ բովանդակալից զեկոյցի աւարտին, ներկաները բազմաթիւ հարցումներով եւ տեսակէտներու արտայայտութեամբ հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը ծաւալեցին ընկերոջ հետ, որ իր սպառիչ պատասխաններով ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան բազմածաւալ գործունէութիւնը։ Ելոյթի աւարտին, պատրաս տուած հիւրասիրութեան առիթէն օգտուելով, զրոյցը շարունակուեցաւ աւելի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։