«Ակօս».-Փարիզի մէջ յաջորդ շաբաթ մեկնարկող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններու ընթացքին մայրաքաղաքի 15-րդ վարչական շրջանի ղեկավարութիւնը ստանձնելու հիմնական յաւակնորդները պիտի ըլլան ազգութեամբ հայ Անոյշ Թորանիանն ու թուրք Ագնէս Էւրեն:
Լուսանկարին մէջ ձախէն առաջինը Ագնէս Էւրենն է, երկրորդը` Անոյշ Թորանիան:
Նշուածէ, որ Էւրեն Եւրոպական խորհրդարնի գործող պատգամաւոր է եւ նախապէս եղած է 15-րդ շրջանի ղեկավարի տեղակալ: Աւելի քան 250 հազար բնակչութիւն ունեցող շրջանի մէջ Էւրենի ընտրուելու բախտը բաւական բարձր է: Ընտրութիւններուն Էւրենի հիմնական մրցակիցը` Անոյշ Թորանեան, «Ընկերվարական կուսակցութեան» անդամ է: Նոյն կուսակցութեան անդամ է նաեւ Փարիզի գործող քաղաքապետ Անն Իդալգոն, որն այս անգամ կրկին առաջադրուած է քաղաքապետի պաշտօնին համար: