Երեքշաբթի, 10 Մարտին «Ուաթան» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ ընդունեց Կարմիր Մահիկ Միջազգային Կազմակերպութեան Սուրիոյ Յանձնախումբի նախագահ Փիթըր Մաուրըրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Կարմիր Մահիկ Միջազգային Կազմակերպութեան եւ սուրիական կառավարութեան գործակցութեան արդիւնաւէտութեան շուրջ, կարեւոր համարելով կողմերու աշխատանքներուն համակարգումը, որպէսզի Կարմիր Մահիկին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները հասնին պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն: Մուալլէմ անդրադարձաւ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ պետութեան եւ Կարմիր Մահիկին միջեւ ամրագրուած վստահութեան, յայտնելով, որ Սուրիա պատրաստ է դիւրութիւններ ընծայելու երկրէն ներս կազմակերպութեան բոլոր աշխատանքներուն: