Ռուսական «Նիզաֆիսմայա Կազեթա» թերթը յայտնեց, որ բոլոր կողմերը ներառեալ Ռուսիան յուսահատ են Իտլիպի տագնապի խաղաղ լուծման գծով: «Թուրքիա զինադադարի որոշումը օգտագործեց իտլիպի մէջ իր բանակը տարածելու համար» խորագիրը կրող յօդուածով թերթը յայտնեց, որ թրքական վարչակարգը կը շարունակէ իր բանակը Իտլիպ ուղարկել հակառակ Մոսկուայի հետ տեղի ունեցած զինադադարի համաձայնութեան: Թերթին համաձայն, Անգարայի անվտանգութիւնը կ’երաշխաւորուի միայն ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեամբ, Թուրքիոյ արարքները անխոհեմութիւն կը համարուին, որովհետեւ Թուրքիա կարողութիւն չունի առանձին ճակատներ բանալու դրացի երկիրներու հետ:
 Ըստ ռուսական թերթին, Անգարա վստահ է, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները երկար պիտի չտոկան առանց իր աջակցութիւնը վայելելու եւ ուշ կամ կանուխ անոնց ճակատագիրը սուրիական բանակին հետ դէմ յանդիման գալը պիտի ըլլայ: Թերթին համաձայն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի բանակցելուն  նպատակը Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերուն զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելը չէ, այլ ժամանակաւոր զինադադար յառաջացնելն է՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները վերստին մարզելու եւ թրքական բանակէն անդամներ Սուրիա ուղարկելու համար: Թերթը եզրափակելով իր յօդուածը յայտնեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Թուրքիա մեծաքանակ եւ մեծածախս զինամթերք սպառեց, միւս կողմէ Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց Իտլիպի մէջ իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացնելու մինչեւ նահանգին ամբողջական ազատագրումը: