ՍԱՆԱ, Իտլիպ- Ուրբաթ, 13 Մարտին բացուեցաւ Համա-Հալէպ միջազգային ճամբուն Մաար Հաթթաթ շրջանին բաժինը, երբ հեռացուեցան թրքական ուժերուն կողմէ տեղադրուած, այսպէս կոչուած՝ թրքական պահակակէտին անցարգելներն ու աւազակոյտերը։
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ փոխադրամիջոցները սկսան օգտագործել այս ճամբան, որ կը կապէ Մաարաթ Նոհմանն ու Խան Շէխունը, աւելցնելով որ թուրք զինուորներ տակաւին բռնագրաւած կը պահեն շրջանի կարգ մը բնակիչներու բնակարանները։
Նախապէս փոխադրամիջոցները ստիպուած էին օգտագործել 12 քլմ. երկայնքով երկրորդական ճամբայ մը, մայր ճամբուն հասնելու համար՝ շրջանցելով Մաար Հաթթաթը, թրքական անցարգելներուն եւ նշանակուած պահակակէտին պատճառով։