Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թիտրոս Ատհանըն Ճիպրիսոս, նախորդ Չորեքշաբթի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ աշխարհատարած պսակաձեւ ժահրը համաշխարհային համաճարակ պիտի համարուի։

Կազմակերպութեան սահմանումին համաձայն, համաճարակը որոշ տարածքի մը մէջ արագօրէն տարածուող հիւանդութիւնն է, իսկ համաշխարհային համաճարակը անոր աշխարհով մէկ աւելի արագ տարածումն է, իր վարակիչ ըլլալու հանգամանքով։

Կազմակերպութեան խորհրդաժողովներէն մէկուն ընթացքին, առողջապահական արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի տնօրէն Մայք Ռայան սահմանելով համաշխարհային համաճարակը ըսաւ, որ ան այն հիւանդութիւնն է, որ միաժամանակ կը տարածուի քանի մը երկիրներու մէջ, պստճառ դառնալով հիւանդութեամբ վարակուողներու անանկնկալ բազմացումին։ Իսկ համաճարակի մասին յայտարարուելու պարագային, իւրաքանչիւր պետութիւն պարտաւոր է նախազգուշական շուտափոյթ քայլերու դիմել, համաճարակին տարածումը կանխելով եւ բուժման միջոցներ որոնելու ծրագիր մշակելով։