«Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան կողմէ համաճարակի վտանգ ներկայացնող պսակաձեւ ժահրի (2019-nCoV ենթատեսակ) համաշխարհային տարածումն ու յատկապէս անոր միտումները ժամ առ ժամ աւելի ահագնացող կը դառնան։
Ցաւօք, մեր հանրապետութենէն ներս նոյնպէս կարելի չեղաւ խուսափիլ հիւանդացութեան դէպքերէն: Առաւել անհանգստացնողը, սակայն, հիւանդացութեան դէպքերուն աճող ընթացքն է: Հակառակ բազմաթիւ յորդորներուն` ՀՀ կառավարութիւնը չընկալեց համաճարակի վտանգի եւ լրջութեան աստիճանը եւ չձեռնարկեց համարժէք գործողութիւններ: Դեռ առիթ պիտի ընծայուի գնահատելու թոյլ տրուած սխալներն ու բացթողումները:
Ստեղծուած իրավիճակը վտանգաւոր է ոչ միայն առողջապահական-համաճարակաբանական, այլ նաեւ անվտանգային բոլոր բաղադրատարրերու` ռազմական, տնտեսական, ժողովրդագրական, ընկերային, երթեւեկային հաղորդակցութեան սահմանափակման եւ այլ առումներով: Սառնասրտութիւնն ու խուճապի չմատնուիլը, համակարգուած աշխատանքը չափազանց կարեւոր եւ անհրաժեշտ պայմաններ են ներկայ վիճակէն արդիւնաւէտ ելք գտնելու համար:
Ըստ այնմ` ՀՅԴ ԳՄ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակը (ՄՈՀ) կը համարէ.
1. Անհրաժեշտ է չեղարկել կամ կասեցնել բոլոր տեսակի զանգուածային միջոցառումները, քանի որ անոնք կրնան յանգեցնել անկառավարելի համաճարակաբանական իրավիճակի` նպաստելով վարակի` երկրաչափական զարգացումով աճին: Օգտուելով միջազգային փորձէն` հարկ է նաեւ սահմանափակել ժամանցային եւ մշակութային կեդրոններու գործունէութիւնը:
2. Խնդրայարոյց կրնայ ըլլալ նաեւ միջմարզային եւ ներքաղաքային երթեւեկի շահագործման ներկայիս վիճակը: Կայ երթեւեկի միջոցներու պարբերական վարակազերծման, ինչպէս նաեւ վարորդներու բժշկական ամէնօրեայ քննութիւններու անհրաժեշտութիւն:
3. Վարակի լայն տարածումը կանխելու նպատակով անհրաժեշտ է ազգաբնակչութեան ապահովել կենսական նշանակութեան միջոցներ եւ բժշկական պարագաներ (դիմակներ, ախտահանիչ միջոցներ եւ այլն):
4. Խիստ հսկողութիւն պէտք է սահմանել դեղատնային գործունէութեան նկատմամբ` կանխելով առաջին անհրաժեշտութեան միջոցներուն ու պարագաներուն չհիմնաւորուած գնային տատանումները:
5. Կազմակերպել բժշկական հաստատութիւններու աշխատակիցներու եւ մասնագիտական խումբերու կողմէ ամենօրեայ բակային այցեր` հիւանդներու ու գանգատուողներու արագ յայտնաբերման եւ մեկուսացման, ինչպէս նաեւ ախտահանիչ գործողութիւններ իրականացնելու համար: Կ՚առաջարկենք նաեւ այս գործընթացին մէջ ներգրաւել նաեւ աշխոյժ ու գիտակից կամաւորներու խումբեր, ինչ որ պիտի նպաստէ հիւանդութեան վաղ յայտնաբերման ու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ բնակչութեան ինքնակազմակերպման:
6. Անհրաժեշտ է ընդլայնել առցանց (on-line) խորհրդատուութիւններու կազմակերպումը պատկան մարմիններու կողմէ, ինչ որ առաւել եւս կը նպաստէ բնակչութեան շրջանակներուն մէջ անհրաժեշտ գիտելիքներու տարածման եւ համաճարակի դէմ պայքարի համալիր միջոցառումներու իրականացման:
7. Կարեւոր է մարզային հիւանդանոցներու արագ յագեցումը անհրաժեշտ միջոցներով, ի թիւս անոնց` պսակաձեւ ժահրի քննութեան գոյքերով, ինչ որ կը նպաստէ Երեւան քաղաք հիւանդներուն եւ կասկածուողներու հոսքերու նուազման ու կը թեթեւցնէ մէկ բժշկական կեդրոնի ծանրաբեռնուածութիւնը (անհրաժեշտութեան պարագային` ձեւաւորելով մարզային շտապներ):
8. Ունենալ մշակուած ծրագիր` որեւէ բնակավայրէ ներս համաճարակի բռնկման պարագային անմիջապէս այնտեղ մտցնել տեղաշարժի որոշ սահմանափակումներ, անհրաժեշտութեան պարագային` նաեւ քարանթին:
Ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ կոչ կ՚ուղղենք`
1. Ազգաբնակչութեանը` չմատնուիլ խուճապի, պահպանել հանգստութիւնը եւ հետեւիլ հանրային ու անհատական պաշտպանական միջոցառումներու իրականացմանը` պատկան մարմիններու խորհուրդներուն ու ցուցմունքներուն համապատասխան:
2. Երկրի իշխանութեանը` լայնօրէն կիրառելով համաճարակի դիմագրաւման միջազգային լաւագոյն փորձը, առաջնորդուիլ ուժերու համախմբման եւ համաճարակին միասնաբար դիմակայելու իրական քայլերով, ի թիւս անոնց` ներգրաւել թէկուզ իշխանութեան քաղաքական հայեացքները չկիսող, սակայն խնդրի լուծմանը նախանձախնդիր անձեր եւ կիրառել անոնց խորհուրդները, ներառեալ` սոյն յայտարարութեամբ ներկայացուած առաջարկները:
3. Քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան` մինչեւ համաճարակի յաղթահարումը կարելի եղածին չափ զերծ մնալ քաղաքական ընդդիմութեան եւ իշխանութեան դիմագրաւման գործողութիւններէն (յիշեցում` համաճարակը չի զանազաներ «սեւերն» ու «սպիտակները», «նախկիններն» ու «ներկաները»):
4. Բոլոր գործատուներուն` լրացուցիչ միջոցներ ձեռնարկել աշխատավայրերը հականեխիչ անհրաժեշտ պարագաներով համալրելու եւ ներկայ վիճակին մէջ աշխատաւորներու բացակայութեան ըմբռնումով մօտենալու համար:
Պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս ընդգծելով բուժաշխատողներուն նուիրուածութիւնը, յոյս ունենալով, որ պետական առաւել համակարգուած մօտեցման առկայութեան պարագային կը յաջողինք առանց կորուստներու եւ համաճարակի լայն տարածման յաղթահարել ստեղծուած իրավիճակը, մեր պատրաստակամութիւնն ու աջակցութիւնն կը յայտնենք ազգային անվտանգութեան սպառնացող հարցերու լուծման, որու հաւաստիքն է նաեւ ժամեր առաջ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան աջակցութեամբ Հայաստան հասած բժշկական պարագաներու եւ միջոցներու խմբաքանակը:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ՄՈՀ Գրասենեակ
14 Մարտ 2020թ.