«Երկիր».-Երեւանի Մխիթար Հերացի անուան պետական բժշկական համալսարանի ղեկավար Արմէն Մուրատեան դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է.
«Երեւանի Մխիթար Հերացի անուան պետական բժշկական համալսարանը 2.000.000 ՀՀ դրամ պիտի փոխանցէ գանձապետական հաշւոյն` պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման ուղղուած առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութիւններուն աջակցելու նպատակով:
Սիրելի Բուժաշխատողներ, անգամ մը եւս կը խնդրեմ, մի մոռնաք ինքնապաշտպանական միջոցները, որ Ձեզի համար անհրաժեշտութիւն է` առողջ եղէք, որ առողջացնենք:
Յաղթելու միայն մէկ բանաձեւ կայ` Միասնականութիւն»: