«Երկիր».-Ռուսիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը յայտարարութիւն տարածած է` տեղեկացնելով, որ Ռուսիա մուտք գործելու սահմանափակումներուն մասին:
Յիշեցնենք, որ տեղական ժամանակով 00: 00-ին, 18 Մարտին, Հայաստանի քաղաքացիներուն մուտքը Ռուսիոյ Դաշնութեան տարածք ժամանակաւորապէս դադրած է:
մուտքի սահմանափակումը չէ տարածուած`
Ռուսիոյ տարածքին մշտական կացութիւն իրաւունք ունեցող մարդոց վրայ,
Ռուսիոյ մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ հիւպատոսական հիմնարկներու աշխատակիցներներուն վրայ;
Միջազգային ինքնաշարժային երթեւեկի մէջ գտնուող վարորդներու, օդանաւերու անձնակազմին, ծովային եւ գետային նաւերու անձնակազմին, երկաթուղային միջազգային երթեւեկութեան երթուղիին եւ տեղափոխական կիսաբաժինին վրայ;
պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն եւ դիւանագիտական, ծառայողական, սովորական մասնաւոր անցագիրեր ունեցող անձերու վրայ, որոնք տրուած են մերձաւոր ազգականի մահուան համար.
Բացի այդ, օդային սահմանային անցակէտերով տարանցիկ ուղեւորափոխադրման մէջ գտնուող անձանց վրայ:
Միեւնոյն ժամանակ դեսպանութիւնը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տոգանեանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անդտրէյ Ռուդենքոյի հանդիպումին մասին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է` 17 Մարտին հանդիպում տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վ.Ս.Տողանեանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ա.Իւ Ռուտենքոյի միջեւ:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական գործակցութեան արդի հարցեր: