Ուրբաթ, 20 Մարտ 2020-ին, Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազճի Սուրիոյ կառավարութեան գումարած ժողովի աւարտին ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ մինչեւ օրս Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուող պարագաներ չկան։ Եազճի յայտնեց, որ նախարարութիւնը միակ ստոյգ աղբիւրն է նման լուրեր հրապարակելու եւ ժողովուրդէն խնդրեց չհետեւիլ դիմատետրի կարգ մը էջերուն, որոնք կեղծ լուրեր կը հրապարակեն, ըսելով որ պսակաձեւ ժահրը սկսած է տարածուիլ Սուրիոյ մէջ։ Նախարարը յայտնեց, որ Շաբաթ, 20 Մարտէն սկսեալ առցանց գիծեր պիտի տրամադրուին, սուրիական տարբեր նահանգներու առողջապահական տնօրէնութիւններուն եւ ժողովուրդին միջեւ հաղորդակցութիւն հաստատելու կամ խորհրդատուութիւն ու տեղեկութիւն ստանալու համար։