ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Հինգշաբթի օր Սուրիոյ ֆութպոլի Դաշնութիւնը մամլոյ ասուլիսի հրաւիրեց Սուրիոյ մէջ գործող մամուլի բոլոր ներկայացուցիչները: Ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցաւ հաւաքականի նորանշակ մարզիչ, թունուսցի Նապիլ Մաալուլը:
– Սուրիոյ կառավարութեան որոշումին համաձայն, պսակաձեւ (քորոնա) ժահրի տարածումէն նախազգուշանալու համար Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Դաշնութիւնը որոշեց կասեցնել մարզական բոլոր մրցաշարքերը մինչեւ 2 Ապրիլ 2020:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ՈՒՆԵՑԱՒ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ սպանացի մասնագէտ, 64-ամեայ  Խոակին Կապարոսը: Հայաստանի ֆութպոլի Դաշնութեան կայքէջին համաձայն, նորանշակ մարզիչին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021 Նոյեմբեր: Խոակին Կապարոս ծնած է 1955-ին, սպանական Ուտրետա քաղաքին մէջ։  Նախապէս մարզած է սպանական զանազան ակումբներ, որոնցմէ կարելի է յիշել Աթլեթիքօ Պիլպաուը, Տիպորթիւօ  Լաքերոնիան եւ Սեւիլեան: Վերջինիս հետ ան անցուցած էր իբր մարզիչ ամէնէն երկար ժամանակաշրջանը: 2019-ին Կապարոս Սեւիլիոյ նահանգին կողմէ պարգեւատրուած  է ոսկի մետալով։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑԱՆ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ 
Համաշխարհային զանազան ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու կողքին, Եւրոպայի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը եւս առաւ նմանօրինակ որոշում եւ դադրեցուց Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ Չեմպիընզ լիկի մրցաշարքերը  ցնոր տնօրինում: Որոշումին համաձայն, յետաձգուած կը համարուին Չեմպիընզ լիկի  1/8 եզրափակիչի 17 եւ 18 Մարտի  եւ  Եւրոպա լիկի 19 Մարտի խաղերը, ինչպէս նաեւ ՈՒԵՖԱ-ի պատանեկան լիկին խաղը: Յետաձգուեցաւ նաեւ եւրոբաժակի քառորդ եզրափակիչի վիճակահանութիւնը: Աւելցնենք, որ պսակաձեւ ժահրին պատճառով դադրեցան նաեւ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Անգլիոյ, ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու ախոյեանութիւնները:
ԵՒՐՈ-2020-Ը ԿՐՆԱՅ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ
Ֆութպոլի Եւրոպայի 2020-ի առաջնութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Դեկտեմբեր ամսուն: «Արմէնփրէս»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, ՈՒԵՖԱ-ն վերջերս տարածուող պսակաձեւ ժահրին պատճառով  Յունիս-Յուլիս ամիսներուն կայանալիք Եւրօ-2020-ը պիտի յետաձգէ: Կը նախատեսուի մրցումը կազմակերպել Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, կը քննար- կուի նաեւ անոր 2021-ի ամրան կայացման կարելիութիւնը: ՈՒԵՖԱ-ն վերջնական որոշում պիտի առնէ  20 Մարտին:
ՌԷԱԼ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԼՈՒՔԱ ԵՈՎԻՉԸ ՎԱՃԱՌԵԼՈՒ ՆԱՓՈԼԻԻՆ 
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի վարչակազմը պատրաստակամութիւն յայտնած է վաճառել խումբի յարձակողական խաղացող Լուքա  Եովիչը ամառնային փոխադրաշրջանի  ընթացքին:  Ըստ  Don Balon-ի, 22 տարեկան Լուքային հետ բանակցութիւններ կը վարէ իտալական Նափոլին: Աւելցնենք, որ Լուքա Եովիչ անցեալ  ամրան 60 միլիոն եւրոյով տեղափոխուեցաւ  Մատրիտ, գերմանական Այնտրախտ Ֆրանկֆուրթէն, բայց ան չբաւարարեց խումբի մարզիչ Զենատտին Զիտանին պահանջքը:
ՌՈՆԱԼՏՕ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԻ ԻՐ ՊԱՆԴՈԿՆԵՐԸ ԱՆՎՃԱՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ՝ ԶԱՆՈՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ
Իտալական Իւվենթուսի եւ Փորթուկալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նախորդ շաբաթավերջին ըսաւ, որ Փորթուկալի մէջ գտնուող իր պանդոկները անվճար կը տրամադրէ՝ զանոնք ժամանակաւոր հիւանդանոցներու վերածելու համար, որպէսզի դիւրացնէ «Քորոնա» պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն բուժումը:
Բացի ատկէ, ան պիտի վճարէ բժիշկներուն եւ աշխատակիցներուն աշխատավարձը՝ առողջապահական մեկուսացումի ժամանակ:
35-ամեայ Ռոնալտօն այժմ կը գտնուի իր ծննդավայրին մէջ՝ Մատէյրա:
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ ան որոշած է չվերադառնալ Իտալիա, մինչեւ առողջապահական մեկուսացումին աւարտը:
Յայտնենք, որ նախորդ շաբաթ անոր ակումբին մաս կազմող Տանիելէ Ռուկանի վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով:
Մինչեւ նախորդ շաբաթավերջ, Փորթուկալի մէջ վարակուածներուն թիւը կ’անցնէր 170-ը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան